Իսլամ քարոզիչ շէյխ Ալի Քորանիի մահուան յիշատակին առիթով, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը՝ ընդգծելով, որ Իսրայէլ այս շրջանին մէջ ապագայ չունի եւ թէ անիկա «պատերազմի, բռնարարքներու եւ սադրանքներու բնօրրան է»:
Նասրալլա յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին «Նեթանիահու եւ անոր յիմար գործակիցները կը շարունակեն Կազայի դէմ ցեղասպանութիւնը` աշխարհին ցուցաբերած լռութեան տակ, սակայն այսպիսի ոճիրներ եւ սպանդներ պիտի արթնցնեն աշխարհը եւ անոր ժողովուրդները», հաստատելով, որ առաջին անգամն է, որ աշխարհը ներկայիս Դիմադրութեան ճակատին անհամեմատ ընդարձակումին ականատես կը դառնայ:
Նասրալլա ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ դիմադրութիւնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ այդ ճակատը մաս կը կազմէ Դիմադրութեան մղած ճակատամարտին եւ իր խօսքը ունի Պաղեստինի, Լիբանանի եւ շրջանի ճակատագիրը կերտելուն մէջ: «Այս ճակատամարտը գոյապայքար է եւ այնպէս, ինչպէս Պաղեստինի ճակատագիրին կը վերաբերի, ուղղակիօրէն կապ ունի նաեւ Լիբանանի ապագային, անոր բնական հարստութիւններուն եւ գերիշխանութեան հետ», հաստատեց Նասրալլա: