
ԹԱԳՈՒՀԻ ՊԷԶՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 27 Յուլիս 1950ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, քրոջ, քեռկնոջ եւ հարազատին՝ Թագուհի Պէզճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 24 Մայիս 2024ին, յետ շաքարախտի երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 5 Յունիս 2024ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Մարիա եւ Պօղոս Մանանեան եւ դուստրը՝ Թալիա
Զաւակը՝ Ներսէս եւ Քարոլ Պէզճեան եւ զաւակները՝ Ճէյքըպ, Քրիստափոր եւ Օլիվիա
Տալոջ զաւակները՝ Ագապի Աթիքեան եւ զաւակները
Սիլվա եւ Վազգէն Օտապաշեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Կարպիս եւ Մելինէ Գօլանճեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Սարգիս եւ Քնարիկ Գօլանճեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Անի Խաչատուրեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Վազգէն եւ Անահիտ Գօլանճեան եւ զաւակները
Եւ համայն Պէզճեան, Գօլանճեան, Մանանեան, Զիլիֆեան, Աթիքեան, Օտապաշեան եւ Թիւմթիւմեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները