Առաջնորդարանը կազմակերպած է յատուկ ուսումնական ծրագիր մը, որուն նպատակն է՝ պատրաստել հաւատացեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք պատրաստակամ եմ վկայել իրենց քրիստոնէական հաւատքը եւ լուսաբանել քրիստոնէութեան եւ մասնաւորաբար Հայց. եկեղեցւոյ վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը հետաքրքրեն մեր հաւատաւոր ժողովուրդին: Ուսումնական այս կարեւոր ծրագիրը պիտի ներկայացնէ առաջնորդարանի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու, «Աղա-Սարգսեան» գրադարանի գրադարանավար, «Զօրաեան» թանգարանի յանձնախումբի ատենապետ, հմուտ աստուածաբան եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ քրիստոնէական կրօնի մասնագէտ Հայկ Մատոյեան, որ առաւել քան երկու տասնամեակներ ծառայութիւն մատուցած է Արեւմտեան թեմին մէջ:
Այս նոր ծրագիրը տրամաբանական շարունակութիւնն է Արեւմտեան թեմին մէջ 2013ին սկսած «Քրիստոնէական Ուսուցման Դասընթացք» ծրագիրին: Անցնող երկար տարիներուն ընթացքին կազմակերպուեցան շուրջ 1000ի հասնող զանազան դասախօսութիւններ եւ Սուրբ գրային սերտողութիւններ, որոնք կատարուեցան բարձր մակարդակով: Ժամանակի ընթացքին, մասնակցողներէն շատեր, որոշ ուսումնական հիմք ձեռք բերելով՝ պատրաստ են առաւել եւս խորացնելու իրենց գիտելիքները: Այս նպատակով, հասունցաւ մասնաւոր դասարան մը հիմնելու անհրաժեշտութիւնը, սկսնակներու, միջին պատրաստութիւն ունեցողներու եւ բարձրագոյն պատրաստութիւն ունեցողներու համար: Միջին եւ բարձրագոյն պատրաստութեան դասընթացքին հետեւողներ, աւարտելէ ետք համապատասխան ուսումնառութիւնը՝ պատրաստ պիտի ըլլան դասաւանդելու սկսնակներուն թեմի զանազան ծուխերու մէջ:
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Ծրագիրը բաղկացած է հինգ հիմնական մասերէ եւ իւրաքանչիւր մաս իր մէջ պիտի ներառէ 10-12 դասընթացքներ.
Ա. Աստուածաշունչ Մատեան (Մայիս-Յուլիս 2024)
Բ. Եկեղեցի-Եկեղեցագիտութիւն (Օգոստոս-Սեպտեմբեր, 2024)
Գ. Հայց. Եկեղեցւոյ Ուսմունք/ Աստուածաբանութիւն (Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր, 2024)
Դ. Ջատագովութիւն (Դեկտեմբեր-Յունուար, 2024-2025)
Ե. Գործնական Քրիստոնէութիւն/Բարոյական Աստուածաբանութիւն (Փետրուար-Մարտ 2025) ։
Դասընթացքներուն կարելի է մասնակցիլ ներկայ գտնուելով դասարանը կամ հեռակայ կարգով՝ zoom-ով: Դասընթացքներուն պիտի մասնակցին եւ zoom link պիտի փոխանցուի միայն անոնց, որոնք կանխաւ արձանագրուած են եւ լրջօրէն պիտի հետեւին դասընթացքներու: Թեկնածուները պիտի ներկայացնեն իրենց հոգեւոր հովիւի յանձնարարագիրը։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ