Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեց, որ պատրաստ է 10 միլիառ եուրօ ներդրելու Կեդրոնական Ասիոյ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ:
«Եւրոպական Միութեան Global Gateway ծրագիրին ռազմավարութեան շրջանակին մէջ, կը պատրաստուի տարածաշրջանային փոխադրամիջոցներու ծրագիրի մը՝ իբրեւ աջակցութիւն Անդրկասպեան փոխադրական միջանցքի», կ՛ըսուի Տաճիկիստանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Ներկայացուցչութիւնը կը յայտնէ նաեւ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի խորհրդական Հենրիք Հոլոլէյ Տաճիկիստան այցելած է «Անդրկասպեան փոխադրական միջանցք՝ Մետաքսի ճանապարհի վերածնունդ» տիտղոսով առաքելութեամբ։
Յունուար 2024ին, Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան ոլորտի ներդրողներու համաժողովին ընթացքին, կեդրոնասիական տարածաշրջանի հինգ երկիրները յայտարարած էին իրենց քաղաքական յանձնառութիւնը՝ փոխադրամիջանցքներու ամրապնդման եւ տարածաշրջանային կապերու ընդլայնման եւ սերտացման: