Մեքսիքայի իշխող դաշինքի թեկնածու Քլոտիա Շէյնպաում ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց երկրի նախագահական ընտրութեան ընթացքին եւ պիտի հանդիսանայ երկրին առաջին կին նախագահը։
Ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է մօտաւորապէս 60 առ հարիւր: Մեքսիքայի ներկայ նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփեզ Օպրատոր շնորհաւորեց Շէյնպաումը, յաջողութիւն մաղթելով անոր:
«Այսօր փառքի օր է, որովհետեւ Մեքսիքայի ժողովուրդը ազատօրէն եւ ժողովրդավարօրէն որոշեց, որ Քլոտիա Շէյնպաում պիտի դառնայ մեր հանրապետութեան անկախութեան 200 տարիներու ընթացքին առաջին կին նախագահը», յայտնեց Օպրատոր: