

Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Ֆրեզնոյի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ համագործակցութեամբ Ֆրեզնոյի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան եւ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին՝ Ապրիլ ամսուան ընթացքին իրականացուց շարք մը աշխատանիստեր ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման լաւագոյն միջոցները ներկայացնելու համար Ֆրեզնոյի հանրային վարժարաններու ուսուցիչներուն։
Աշխատանիստերուն մասնակցեցան 3էն 12 դասարաններու առաւել քան 25 ուսուցիչներ, որոնք ստացան արժէքաւոր տեղեկութիւններ եւ դասաւանդութեան համար օգտագործուելիք նիւթեր Հայոց Ցեղասպանութեան նման զգայուն դասանիւթ մը աշակերտներուն տարիքին յարմար միջոցներով դասաւանդելու մասին։
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Ֆրեզնոյի յանձնախումբին գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը կամ դիմել agccfresno@gmail.com հասցէին։