
Զուիցերիոյ հայկական եւ հայասէր կազմակերպութիւնները 7 Մայիս 2024ին գումարեցին ԶՀՀՄԽի (Զուիցերիոյ Հայկական եւ հայասէր միութիւններու խորհուրդ) հիմնադիր ընդհանուր ժողովը: Խորհուրդի նպատակն է՝ միասնական կերպով ներկայացնել եւ համակարգել Զուիցերիոյ հայկական կազմակերպութիւնները, կեդրոնանալ Զուիցերիոյ մէջ հայկական ինքնութեան հիմնահարցին վրայ, իրականացնել քաղաքական, տեղեկատուական եւ մարդասիրական ծրագիրներ ի խնդիր հայկական պետութեան ապահովութեան պահպանման, խթանելով հայ ժողովուրդի իրաւունքները եւ մշակութային ժառանգութիւնը, ուր որ ալ գտնուին անոնք: Արցախի հայերուն համար արդարութեան յառաջ մղումը կը մնայ առանցքային:
Խորհուրդը արգասիքն է 2020ի աշնան Արցախի պատերազմին ընթացքի սկսած երկարատեւ աշխատանքին, որուն ընթացքին շուտով ի յայտ եկաւ Զուիցերիոյ եւ միջազգային հանրային կարծիքին նկատմամբ մէկ ձայնով խօսելու անհրաժեշտութիւնը:
Ներկայիս, ԶՀՀՄԽը կը համախմբէ 13 կազմակերպութիւններ, որոնց շուտով պիտի միանան ուրիշներ: Խորհուրդի դիւանին նախագահն է Սարգիս Շահինեան (Association Suisse-Arménie GSA), իսկ միւս անդամներն են՝ Քարոլին Պապայեղիթեան (AGBU Young Professionals – YP Zurich), Լեռնա Պաղճեան (AGBU Young Professionals -YP Genève), Վիգէն Պայրամեան (Armenian General Benevolent Union -AGBU Switzerland) եւ Ալէն Նաւարրա տէ Պորճիա (Hyestart):
Նկատի ունենալով որ ԶՀՀՄԽի կառավարումը նախատեսուած է ըլլալ շրջանային եւ համամասնակցային, բոլոր անդամ միութիւնները կարելիութիւնը պիտի ունենան յանձն առնելու խորհուրդի պատասխանատուութիւնները: Ղեկավար կոմիտէին սատար պիտի հանդիսանան երեք յանձնաժողովներ (Քաղաքականութիւն, Զանգուածային լրատուութիւն եւ քարոզչութիւն ու Մշակութային ժառանգութիւն): «Գիտակից ենք մեր դերի կարեւորութեան՝ Զուիցերիոյ եւ համայն աշխարհի հայութեան համար, մասնաւորաբար՝ Հայաստանի եւ Արցախի: Մեր գործունէութիւնները պիտի առաջնորդուին բացառապէս հայ ժողովուրդի պահանջներով, հաստատակամութեամբ եւ շահերով. անոնք պիտի ըլլան թէ՛ յաւակնոտ, թէ՛ իրատեսական եւ պիտի քննարկուին, հաստատուին ու իրականացուին միասնական կերպով: Պիտի առաջնորդուինք նաեւ Հայկական Սփիւռքի եւ Զուիցերիոյ մեր արժեչափերով: Մեր գործողութիւնները նուիրուած պիտի ըլլան երիտասարդութեան զարգացման եւ ուղղուած՝ ապագային, առանց մոռնալու մեր մշակութային ժառանգութիւնը, որուն ուշադիր պահապաններն ենք» ընդգծեց ԶՀՀՄԽի նախագահ Սարգիս Շահինեան:
ԶՀՀՄԽի հիմնադիր միութիւններն են.
AGBU Young Professionals Geneva, AGBU Young Professionals Zurich, Armenian
General Benevolent Union (AGBU) – Switzerland, ArmenischerVerein Zürich (AVZ),
Artzakank-Echo, Association Avetis, Association Santé Arménie Suisse, Association
Suisse-Arménie (GSA), Ecole Arménienne de Lausanne, Hyestart, Komitas Action
Suisse-Arménie (KASA), Miassine, Union Arménienne de Suisse (UAS).