Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ հետախուզական տուեալներ կը հաւաքէ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի դէմ. «Թասս»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:
«Այսօր Հայաստանի առջեւ ծառացած բազմաթիւ վտանգներ կրնային մեղմացուիլ, եթէ 2022ին Երեւան համաձայնէր ՀԱՊԿի միջոցով Ատրպէյճանի հետ սահմանին իրավիճակի կայունացման վերաբերող նախաձեռնութիւններու ծրարի իրականացման առաջարկին», ըսաւ Կալուզին՝ աւելցնելով. «Դժբախտաբար, Հայաստանի ղեկավարութիւնը նախընտրեց հրաւիրել Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը, որ երբեք չի պաշտպաներ պետութեան սահմանները, այլ «մոնիթորինկ» անուան տակ զբաղած է Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Ռուսիոյ դէմ հետախուզական տուեալներու հաւաքագրումով»:
Ըստ անոր՝ ՀԱՊԿի պարագային «խօսքը լուրջ նախաձեռնութիւններու մասին էր, որոնց կարգին՝ ռազմական օգնութեան, դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու եւ սահմանապահ զօրքերու պատրաստութեան օգնութիւն»: