Հայաստան պատասխանեց խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին վերաբերող Ատրպէյճանի վերջին առաջարկներուն` ուղարկելով լրամշակուած 9րդ խմբագրութիւնը։ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
Խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի վերաբերող ատրպէյճանական կողմի առաջարկները Երեւանին փոխանցուեցան Ապրիլի աւարտին, որմէ ետք ալ՝ 11 Մայիսին, արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունեցան: