Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ուժերուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ «Կովկասեան արծիւ-2024» միացեալ ռազմափորձերուն բացման արարողութիւնը:
Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Պաքուի մէջ: Անոնց իրականացման մասին յայտարարուած էր նախորդ տարուան Նոյեմբերին:
Ռազմափորձերուն մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յաւելեալ տեղեկութիւններ չէ հաղորդած անոնց մասին։