Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Իրանի նախագահի պաշտօնակատար, երկրի առաջին փոխնախագահ Մոհամէտ Մոխպըրի հետ:
Քննարկուեցան Ատրպէյճանի Զանգելանի շրջանը Իրանի տարածքով Նախիջեւանին միացնելու երթեւեկի հաղորդակցութեան գիծ մը կառուցելու գործընթացները։ Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքի հաղորդագրութիւնը: