
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Շաբաթօրեայ վարժարանները կոկոններն են ՀՕՄի բազմաբնոյթ պարտէզին, որուն պարտիզպանները, եթէ հաւատաւոր ՀՕՄուհի ընկերուհիներն են, այդ կոկոններու ջրտուքը վստահուած է մեր անզուգական ուսուցչուհիներուն:
ՀՕՄը իր 115ամեայ փառահեղ երթը իմաստաւորած է «Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար» նշանաբանով՝ մեծ տեղ տալով հայ ժողովուրդի ապագան եւ հիմնասիւնը եղող նոր սերունդի դաստիարակութեան, որուն համար աշխարհի տարածքին հիմնուած են ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններ՝ հայ մանուկը եւ պատանին ոգեշնչելու ու լիցքաւորելու համար հայկականութեամբ, հայրենասիրութեամբ, հայրենաշունչ ամէն բանով. այլ խօսքով՝ նոր սերունդին փոխանցելու ինքնաճանաչման գիտակցութիւն:
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանն ալ իր ծրագիրներուն մէջ մեծ տեղ յատկացուցած է միօրեայ վարժարաններուն: Արդ, Շրջանային վարչութեան հովանիին եւ Խնամակալ մարմինին աչալուրջ հսկողութեան տակ կը գործեն 12 միօրեայ վարժարաններ, շուրջ 600 աշակերտներով: Անոնք ունին 70 ուսուցչուհիներ եւ առաւել մեծաթիւ կամաւորներ, որոնք շաբաթական 4 ժամերու հանդիպումներու ընթացքին ամերիկածին հայ մանուկներուն կը սորվեցնեն հայերէն կարդալ, գրել, խօսիլ, աղօթել, հայ մշակոյթ՝ երգ եւ պար, հայկական արժէքներ եւ կը փոխանցեն հայրենասիրութիւն:



Կարելի՞ է չհպարտանալ ի տես ՀՕՄի միօրեայ վարժարաններու իրագործումներուն՝ ներքին եւ արտաքին ներկայացումներ, խտացուած եւ համադրուած աշխատանք:
Արդարացի էր Սոնա Մատարեան իր բացման խօսքին մէջ, 1 Յունիսին, ուսուցիչներու գնահատանքի օրը «Հպարտութեան օր» անուանելով:
Այդ օրը, ՀՕՄի կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Շաբաթօրեայ վարժարաններու Խնամակալ մարմինին՝ տեղի ունեցաւ խրախճանք-տօնակատարութիւն մը, տօնելու ազգանուէր աշխատանքի մը արգասիքը, եւ համեստաբար գնահատելու Շաբաթօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներուն կատարած հսկայական աշխատանքը: Կեդրոնը լիացած էր իրենց առաքելութեան հաւատարիմ, անշահախնդրօրէն նուիրուած եւ իրենց վստահուած աշխատանքը յաջողութեամբ իրագործող տասնեակ մը տնօրէններով եւ ուսուցիչներով, ներկայ էին ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները, Խնամակալ մարմինի ընկերուհիները եւ վարչական ներկայացուցիչներ:
Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը ընթացք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանի եւ Խնամակալ մարմինի ատենապետուհի Սոնա Մատարեան գնահատանքի եւ քաջալերանքի անկեղծ խօսքերով:
Պաշտօնական հանդիսութեան յաջորդեց խրախճանքը, որուն ընթացքին Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի ուսանողներ՝ քոյր-եղբայր Լիլիան եւ Գառնիկ Արուսդամեանները, ներկայացուցին հայկական զգլխիչ պարը եւ երաժշտութիւնը. Լիլիան իր հեզաճկուն պարով եւ Գառնիկ իր խրոխտ շարժումներով ներգրաւեցին ներկաներու սիրտերը, զանոնք փոխադրելով հայրենի աշխարհ: Ապա շարունակուեցաւ խրախճանքը կերուխումով, ներկաները մեծ հաճոյքով ըմբոշխնեցին Ճասիկ Ճարահեանի նուրբ ճաշակով յարդարուած հայկական ճոխ սեղանի համադամները եւ գինին: Հանդիսութիւնը վերածուած էր անմոռանալի խրախճանքի, երբ հայրենասիրական երգերու վարպետ մեկնաբան Վարանդ Աւանէսեանի խանդավառող երգերով ուսուցչուհիները թօթափեցին տարեշրջանի մը անուշ՝ բայց ծանր պատասխանատուութիւնը, վայելելով երաժշտութիւնը եւ միասին ըլլալու հաճոյքը:
Խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասած էր, մթնոլորտը ներշնչող էր եւ թելադրող, երբ ուսուցչուհիներ, վարչականներ, խնամակալ մարմինի անդամներ ինքնաբուխ կերպով ասմունքեցին, իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին եւ, անշուշտ, արտայայտեցին իրենց գոհունակութիւնը եւ երախտագիտութիւնը:
Օրուան խրախճանքը աւարտած էր. ներկաները յուշանուէրներով, ծաղիկներով եւ պատուըւած ըլլալու գոհունակութեամբ բաժնուեցան կեդրոնէն՝ վերամուտին վերանորոգ աշխուժութեան տեսնուելու խոստումով:
Օրուան խրախճանքը աւարտեցաւ, բայց երթը կը շարունակուի. մենք՝ ուխտեալներս Հայ Օգնութեան Միութեան, կը շարունակենք ջրտուքը մեր կոկոններուն, կը շարունակենք ջամբել մեր նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը, հաւատարիմ ՀՕՄի նպատակներէն վսեմին՝ «Զինել հայ մատղաշ սերունդը հայեցի դաստիարակութեամբ»: