

Կիրակի, 2 Յունիսին տեղի ունեցաւ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն՝ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան անդամներ Մարալ Թուլումեանի եւ Նիկոլ Մանուկեանի, եւ առաւել քան 70 մշակութասէրներու:
Երեկոն ձեռնհասօրէն վարեց Ռոզի Ակոբեան: Մասնաճիւղի ատենապետուհի Արաքսի Գազանճեան փոխանցեց Համազգայինի պատգամը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցան եւ գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լոռի Արիսեան՝ դաշնակ, Յաւերժ Սանոսեան եւ Ատելինա Աւետիսեան՝ ասմունք, Սօսի Աւագեան Մարտիրոսեան՝ երգ եւ Նանօր Սէրայտարեան՝ ջութակ:

Սոնա Մատարեան ներկայացուց Պարոյր Սեւակի կեանքն ու գործերը, մէջբերելով Սեւակի կեանքէն հետաքրքրական դրուագներ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Կիլիկիա» նուագով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ստեղծուեցաւ մտերմիկ պահ մը, որուն ընթացքին ներկաները յայտնեցին իրենց խանդավառութիւնը եւ գոհունակութիւնը:
