Անգլիական մամուլը կը հաղորդէ, թէ իրաւաբան եւ գործարար Վաչէ Մանուկեան կը գլխաւորէ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի խումբերէն «Էվըրթըն»ը գնել փափաքող ներդրողներու խումբը, որ այս նպատակին համար 400 միլիոն փաունտ ծախսելու պատրաստակամութիւն յայտնած է։ Անոր գործակիցներուն շարքին են աւստրալիացի Մէյըր ընտանիքը եւ սէուտցի գործարար մը, որուն անունը չէ բացայայտուած։
IMS Digital Ventures ընկերութեան սեփականատէրերէն մէկը հանդիսացող Վաչէ Մանուկեան եղբօր զաւակն է եղբայրներ Վաչէ եւ Ռաֆֆի Մանուկեաններուն։