Կլենտէյլի համայնքային համալսարանը կը հաղորդէ, թէ ուսանողներու սպասարկութիւններու հարցերու գծով իր յաջորդ փոխնախագահը ընտրուած է Ալեն Անդրիասեանը, որ իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յուլիսին։
Ան վերջին վեց տարիներուն նոյն պաշտօնը վարած է Լոս Անճելըս քաղաքի համալսարանին մէջ, իսկ նախապէս ան նշեալ երկու համալսարաններուն մէջ ստանձնած է շարք մը այլ պաշտօններ։
Անդրիասեան շրջանաւարտ եղած է Կլենտէյլի համայնքային համալսարանէն եւ մասնագիտացած է «Լոյոլա Մերիմաունթ» ու Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարաններուն եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ։