Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յղեց բողոքագիր մը` հայկական պատուիրակութեան Պուչա այցելութեան գծով: Ռուսական «Նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանի ղեկավար Տիգրան Տէր Մարգարեանի եւ Ուքրանիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վլատիմիր Կարապետեանի Պուչա քաղաքը այցելութիւնը Երեւանի՝ բացայայտ ոչ-բարեկամական քայլ կը նկատենք: Մեզ կը մտահոգէ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու կարիքներուն անոնց կողմէ օգնութիւն տրամադրելը եւ այնտեղ Ռուսիոյ դէմ կատարուած անընդունելի յայտարարութիւնները», յայտարարեց Զախարովա:
Ըստ անոր՝ Երեւանի վարչական շրջանի ղեկավարը «արեւմտամէտ» «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանի համախոհն է, «առ այդ, անոր արձագանգը շատ հասկնալի է»: Զախարովա նաեւ ցաւալի նկատեց այն փաստը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները համերաշխ են այսպիսի յայտարարութիւններու հետ:
Յիշեցնենք, որ 31 Մայիսին, Պուչայի քաղաքապետութիւնը հրապարակած էր լուսանկարներով հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, Ուքրանիոյ Պուչա քաղաքը այցելած են Ուքրանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանը եւ Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանի ղեկավարը: Վերջիններս դեղորայք նուիրած էին Պուչայի երկրորդական օղակի բժշկական հաստատութիւններու:
Նոր Նորքի վարչական շրջանի ղեկավար Տիգրան Տէր Մարգարեան՝ հակադարձելով Զախարովային՝ ընկերային ցանցերուն վրայ գրած է, որ Պուչա այցելած է մարդասիրական օգնութիւն յանձնելու համար՝ շեշտելով, թէ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է դարձեալ այնտեղ մեկնելու: «Իմ հանդիպումներում համոզուել եմ` Ռուսաստանը չի կարող յաղթել Ուկրաինային: Այնտեղ բոլորը այս պատերազմը համարում են պայքար` յանուն անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան», նշեց Տէր Մարգարեան։