9 Յունիսի առաւօտեան, Ատրպէյճանէն զինուոր մը փորձեց մտնել Հայաստանի տարածքը: Ամբողջ գիշերը կատարուեցան որոնողական աշխատանքներ։
Ատրպէյճանցի զինուորը հայկական տարածքը ներթափանցելու փորձ կատարեց Նախիջեւանի սահմանին` Արենիի ուղղութեամբ:
Գործողութեան ընթացքին ատրպէյճանցի զինուորը գերի առնուեցաւ եւ ներկայիս կը գտնուի հայկական կողմին մօտ։
10 Յունիսին արդէն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկացուցին, որ Նախիջեւանի Սադարակ շրջանի Գիւննուտ բնակավայրի ուղղութեամբ անյայտ կորսուած է Ատրպէյճանի բանակի զինուոր Հուսէյնով Ճէյհուն Թոֆիքօղլու: