28 Մայիս 2024ին, Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը (ԸԵՄՄ), որուն լիիրաւ անդամներէն է ՀՅԴ Երիտասարդականը, դատապարտելով Հայաստանի մէջ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին նկատմամբ ոստիկանութեան բռնութիւնները՝ կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութիւնը կը յայտնէ լուրջ մտահոգութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին վերաբերող, մասնաւորապէս՝ Տաւուշի մարզին մէջ: Ատրպէյճան այս գործընթացը կ՛իրականացնէ ուժի սպառնալիքի պայմաններու մէջ, որոնց պատճառով կը վտանգուի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքիշխանութիւնը եւ օրինականութիւնը:
«Հարկադրանքի տակ իրականացուող սահմանային փոփոխութիւնները կը հակասեն ոչ միայն Հայաստանի օրէնքին, այլ նաեւ միջազգային օրինաչափութեան: Հայաստան շրջափակուած երկիր մը ըլլալով՝ պէտք չէ պարտադրուի տարածքներ զիջելու եւ վտանգելու իր ազգային ապահովութիւնը: Այսպիսի բռնաճնշումներ կը խրախուսեն միայն Ատրպէյճանը եւ կը նպաստեն Հայաստանի տկարացման, բազմապատկելով կարելիութիւնը հակամարտութեան վերանորոգման:
«Հայաստանի հասարակութեան տարբեր շերտերը իրենց արդարացի բողոքը բարձրաձայնած են այս մասին եւ անոնք ամբողջութեամբ կը վայելեն մեր աջակցութիւնը:
«Խստօրէն կը դատապարտենք իշխանութեան իրաւապահ մարմիններուն կողմէ ցուցարարներու նկատմամբ բիրտ եւ անհամաչափ ուժի կիրարկումը: Կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ յարգելու իրենց քաղաքացիներուն ազատ խօսքի եւ անհամաձայնութիւն արտայայտելու մասին սահմանադրական իրաւունքը:
«Կոչ կ՛ուղղենք ՄԱԿին, Եւրոպայի ապահովութեան ու համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ հակամարտութեան հանգուցալուծման համար շահագրգիռ բոլոր կողմերուն՝ դատապարտելու Ատրպէյճանի գործողութիւնները եւ ձեռնարկելու համապատասխան միջոցներ, ներառեալ պատժամիջոցներու կիրարկում, պատասխանատուութեան ենթարկելու համար Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգը անոր յարձակողապաշտ եւ ուժի սպառնալիքի անօրինական քաղաքականութեան համար:
«Կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն կարելի է իրագործել միայն այն միջավայրին մէջ, ուրկէ կը բացակային հարկադրանքը եւ բռնութիւնը: ԸԵՄՄը ջատագովն է արդար եւ իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած հանգուցալուծման, որ կը յարգէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը»: