
Իրանեան կողմը հանդէս կու գայ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման օգտին, սակայն չ՛ընդունիր տարածաշրջանային սահմաններու փոփոխութիւնները: Այս մասին CNN Turk-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանի։
Ան, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման պարունակին մէջ, պատասխանելով, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին հարցումի մը՝ ըսաւ. «Թեհրան կ՛աջակցի բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք պիտի նպաստեն տարածաշրջանի զարգացման, մասնաւորաբար` Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սակայն Թեհրան դէմ է որեւէ նախագիծի եւ նախաձեռնութեան, որ պիտի փոխէ տարածաշրջանի ժողովրդագրութիւնը եւ սահմանները»: