Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու հեղինակած «Կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին» Ազգային ժողովի ուղերձի նախագիծին վերաբերող զանազան տեսակէտներ յայտնուեցաւ 11 Յունիսին: Արդարեւ, «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան յայտարարեց, որ հրաժարականի հարցի քննարկումը եւ հրաւիրուած նիստը տեղի պիտի ունենան 17 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:30:
«Սա իրաւունքի ուժով պարտադրուած նիստ է եւ պէտք է գումարուի: Միայն մնում է, որ ՔՊն ունենայ կամք եւ գայ այդ նիստին, որպէսզի իրենց հակափաստարկները բերեն այն փաստի շուրջ, որ այս կառավարութիւնը անելիք չունի եւ պէտք է հեռանայ: Յունիսի 17ին ժամը 18:30ին նիստը գումարուելու է», հաստատեց ան։
Աւելի կանուխ, Ազգային ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնաժողովը մինչեւ երկու ամիսով յետաձգեց Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու հեղինակած «Կառավարութեան հրաժարականի եւ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու անհրաժեշտութեան մասին» Ազգային ժողովի ուղերձի նախագիծը:
Յանձնաժողովի փոխնախագահ Արուսեակ Ջուլհակեան տեղեկացուց, որ, ըստ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի սահմանադրական օրէնքին, հիմնական զեկուցողի բացակայութեան պատճառով հարցի քննարկումը յետաձգուած է մինչեւ 2 ամիս ժամկէտով:
«Սփիւթնիք Արմենիա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արծուիկ Մինասեան պարզաբանեց, որ տեղեակ չէ եղած յանձնաժողովի նիստի ժամէն, այդ պատճառով ալ ան կը մասնակցէր լիագումար նիստին։