Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։
Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա կը հետեւի բռնագրաւեալ Արցախէն Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրքերու հեռացման գործընթացին։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ ան նշեց նաեւ, որ կը հետեւի «Ատրպէյճանի ազատագրուած տարածքներ»ուն մէջ շինարարական աշխատանքներուն։
Էրտողան եւ Ալիեւ, որոնք առանձնազրոյցէն ետք ճաշեցին միասին, քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային այլ հարցեր։