Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Թել Աւիւի մէջ յայտարարեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իրեն յայտնած է, որ յանձնառու է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Կազայի մէջ զինադադարի եւ գերիներու փոխանակման առաջարկին:
«ՄԱԿի որոշումին զօրակցող «Համաս»ի հաղորդագրութիւնը եւս յուսադրիչ է», ըսաւ Պլինքըն` աւելցնելով. «Պատերազմը որքա՛ն երկարի, այնքան տագնապի ընդլայնման կարելիութիւնները կ՛աւելնան»:
Նշենք, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու բանաձեւը, որ ներկայացուցած էր Պայտըն: Բանաձեւին թեր քուէարկեցին Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներէն 14ը: Ռուսիա մնաց ձեռնպահ:
Իսրայէլի եւ պաղեստինեան «Համաս» շարժումին միջեւ զինադադարի ծրագիրը նախ կը պահանջէ երկու կողմերէն անյապաղ կրակոցի դադրեցումը, բնակեցուած շրջաններէն իսրայէլեան ուժերու հեռացումը, «Համաս»ի կողմէ պատանդներու ազատ արձակումը եւ Իսրայէլի մէջ ձերբակալուած պաղեստինցիներու ազատ արձակումը:
Երկրորդ փուլը կը ներառէ մնացեալ պատանդներուն ազատ արձակումը եւ Կազայէն իսրայէլեան ուժերուն ամբողջական դուրս բերելը: Եթէ երկու կողմերը համաձայն գտնուին՝ զինադադարը պիտի դառնայ մնայուն:
Երրորդ փուլին, ըստ բանաձեւին, պիտի սկսի Կազայի վերաշինութիւնը: Բանաձեւը նաեւ կը մերժէ Կազայի տարածքային կամ ժողովրդագրական որեւէ փոփոխութիւն:
«Համաս» շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց, թէ կ՛ողջունէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը։