
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (AEF) կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան դրամահաւաքի ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ շարք մը կրթական մշակներ, որոնք յատկանշական ներդրում ունեցած են համայնքին կրթական կեանքին մէջ։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 5։30էն սկսեալ, Վահէ եւ Ռուզան Քուզոյեաններու բնակարանին մէջ։
Մեծարուող կրթական մշակներն են.
– Քարմէն Տէր Կարապետեան (Ֆերահեան եւ Գապայեան Ազգային վարժարաններ)
– Դաւիթ Ղուկասեան (ՀԲԸՄ Մանուկեան Տեմիրճեան վարժարան)
– Սոնա Մատարեան (Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան)
– Սոնա Մատէնլեան (Ֆերահեան Ազգային վարժարան)
– Զեփիւռ Մարտիրոսեան (Ֆերահեան եւ Գապայեան Ազգային վարժարաններ)
– Ռուբինա Բագրատունի (Մեսրոպեան Ազգային վարժարան)։
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ դաշնակահար Գրիգորի Բալասանեան, որ 2022ին ստացած էր Հայ կրթական հիմնարկութեան «Թիւֆէնքեան» կրթանպաստը։
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել aef@aefweb.org հասցէին կամ այցելել aefweb.org/annual-fundraiser/ կայքէջը:
Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հիմնուած է 1950ին՝ կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի տարածքին: Անիկա 2000էն ի վեր նորոգած է առաւել քան 200 վարժարաններ՝ յատկացնելով մօտաւորապէս 5.5 միլիոն տոլար գումար մը, ինչպէս նաեւ 6.3 միլիոն տոլարի կրթանպաստներ յատկացուած է։ Հիմնարկութիւնը վերջերս յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Սփիւռքի հայկական վարժարաններու մէջ արդի արհեստագիտութեան զարգացման եւ Արցախի պատերազմի վեթերաններուն աջակցութիւններ տրամադրելու ջանքերուն։