
Բեմադրիչներ Արամազդ Գալայճեանի եւ Գարեգին Պապոյեանի «Թեզեթա» գեղարուեստական-վաւերագրական ֆիլմը 18րդ «Ատտիս» միջազգային փառատօնին (Ատտիս Ապապա, Եթովպիա) արժանացած է «Հանդիսատեսի ընտրութիւն» մրցանակին։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնը։
Ժապաւէնը՝ երաժշտութեան մասին պատմութիւն մըն է, որ տարիներով եղած է երկու մշակոյթներու միջեւ կապ հաստատող ամուր կամուրջ մը։ Գէորգ Նալբանդեան (1930-1974) Եթովպիոյ առաջին ազգային քայլերգի հեղինակն է, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած քառասուն հայ որբերու հետ Եթովպիոյ կայսր Հայլէ Սելասիէի հրաւէրով գացած է Եթովպիա եւ հետագային հիմնադրած երկրին կայսերական փողային նուագախումբը։ Ապա անոր զարմիկը՝ Ներսէս Նալբանդեան, հիմք ունենալով կայսերական նուագախումբին կատարած երաժշտութիւնը, յօրինեց ժամանակակից եթովպիական ճազային երաժշտութիւնը։