
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու աւանդական «Յաղթանակի պարահանդէս»ը տեղի պիտի ունենայ 29 Յունիսին, Beverly Hilton պանդոկի սրահին մէջ։
Նաւասարդեան մարզախաղերու յաղթանակները տօնելու կողքին, ձեռնարկին մասնակցողները պիտի վայելեն հանրայայտ Allen G Orchestra-ի կատարումները։
Ներկայ պիտի ըլլան այս տարուան Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները, ինչպէս նաեւ այս տարուան «Տիպար ՀՄԸՄական» Արամ Պէքարեան:
Նաեւ լուսարձակի տակ պիտի առնուին մարզախաղերուն յաջող իրականացման մէջ մեծ դեր ունեցած ծնողներուն, կամաւորներուն եւ մասնաճիւղերուն նուիրեալ սպասարկութիւնները։
Ձեռնարկը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 5ին, նախադահլիճին մէջ իրականանալիք ընկերային պահով. յայտագիրին գործադրութիւնը պիտի սկսի ժամը 7ին, իսկ երեկոյեան ժամը 9էն ետք ծրագրուած է երիտասարդներու յատուկ խնճոյք մը ։
Նշենք, որ Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու փակման տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ 4էն 7 Յուլիսին, զանազան արուեստագէտներու մասնակցութեամբ, հաճելի պահեր ստեղծելու համար մասնակցողներուն։ Վերջին երկու օրերուն տեղի պիտի ունենան փակման արարողութիւնները եւ մրցանակաբաշխութիւնները։
Մարզախաղերուն եւ արարողութիւններուն կը մասնակիցին ՀՄԸՄի 18 մասնաճիւղերէ 300 խումբեր, 3200 մարզիկներ եւ 1100 սկաուտներ։ Անոնք տեղի կ՛ունենան «Պըրմիկհեմ» վարժարանին մէջ, որուն հասցէն է՝ 17000 Haynes Ave., Van Nuys, CA 91406։
«Յաղթանակի պարահանդէս»ին մասնակցելու համար դիմել (323) 344-4300 թիւին կամ navasartian.wusa@homenetmen.org հասցէին, իսկ հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու համար դիմել marie.filipian@homenetmen.org հասցէին։