Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին «Կոմսոմոլսկայա Փրաւտա» թերթին յայտնեց, որ Ռուսիա այլ պետութիւններու ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու սովորութիւն չունի, որովհետեւ անձնական փորձառութենէ մեկնած՝ գիտէ, թէ անիկա որքան վնասակար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ որեւէ երկրի մը զարգացման վրայ: «Մոսկուա անկեղծօրէն կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ կապերը եւ կը փորձէ զանոնք կառուցել փոխադարձ յարգալից եւ փոխշահաւէտ կերպով», հաստատեց Կալուզին` աւելցնելով. «Արեւմուտքը, ընդհակառակը, հանրապետութիւնը (Հայաստան-Խմբ.) կը նկատէ անհրաժեշտութեան տեսանկիւնէն` իբրեւ Ռուսիոյ եւ Հարաւային Կովկասի այլ երկիրներու դէմ խառնածին (hybrid) պատերազմի գործիքներէն մէկը: Նպատակը յստակ է` օգտագործել հայկական «ցատկահարթակը» տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան օճախ ստեղծելու համար: Արեւմտեան մայրաքաղաքները պատրաստ են հանգիստ «խաղասեղանին դնել» հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական իրավիճակը եւ անոր ապահովութիւնը: Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕի ներկայացուցիչները կոչ կ՛ուղղեն Երեւանին՝ խզելու բոլոր կապերը Մոսկուայի հետ եւ կը ձգտին հասնիլ մեր ընդհանուր համարկման կազմակերպութիւններէն անոր դուրս գալուն։ Մենք կը տեսնենք, որ Հայաստան մեծապէս կը գայթակղեցնեն եւրոպական հեռանկարով: Դժուար չէ կռահել, որ երկիրը կը համոզեն հրաժարիլ այն գործիքակազմերէն, որոնք վերջին տարիներուն մրցանշային աճ ապահոված են անոր տնտեսութեան համար: Ռուսիոյ հետ տնտեսական կապերու խզումը պիտի նշանակէ հայկական գործարարութեան հիմնական շուկայի կորուստ»:
Կալուզին ըսաւ, որ արեւմտեան պատումներու ազդեցութեան տակ տեղի ունեցաւ երկկող քաղաքական շփումներու կտրուկ նուազում:
«Ապահովական ոլորտին մէջ Հայաստանի ինքնիշխանութեան հետագայ քայքայումը եւ Միացեալ Նահանգներու ու ՆԱԹՕի «թուղթէ հովանոցին» տակ անցումը պարզապէս անկարելի պիտի դարձնէ Ռուսիոյ հետ եւ ՀԱՊԿի շրջանակին մէջ միասնական պաշտպանական տարածքի պահպանումը», նշեց ան։
Կալուզին դիտել տուաւ, որ Մոսկուա «բազմաթիւ անգամներ եւ զանազան մակարդակներու վրայ յստակօրէն պատրաստակամութիւն յայտնեց քննարկելու Երեւանը յուզող հարցերը, սակայն, մեր զանազան նախաձեռնութիւններուն ոչ մէկ արձագանգ ստացանք:
«Յոյս ունինք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը բաւարար քաղաքական իմաստութիւն պիտի ունենայ` հասկնալու Արեւմուտքի խոստումներու խաբէական բնոյթը եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարեւոր նշանակութիւնը հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, ապահովութեան եւ տնտեսական զարգացման տեսանկիւնէն», եզրափակեց Կալուզին: