
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանին վրայ կացութեան կարգաւորման լաւագոյն ձեւը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումն է: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Լիբանանի ճակատին վրայ մագլցումին նկատմամբ իր երկրին խոր մտահոգութիւնը յայտնեց եւ նշեց, որ Ուաշինկթըն «տարբեր ժամանակներու մէջ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ շտապ բանակցութիւններ վարած է` հարցերուն դէպի պատերազմ զարգանալը կանխարգիլելու համար»:
Իր կարգին, Սպիտակ տան ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները չի փափաքիր, որ այլ ճակատ մը բացուի Իսրայէլի հիւսիսը եւ «Լիբանանի ճակատին վրայ մագլցում չենք ուզեր»:
«Մենք մտահոգ ենք հիւսիսի մէջ մագլցումով, առ այդ, կը շարունակենք Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ ուղղակի երկխօսութեան դիմել ու դիւանագիտական ջանքեր գործադրել», ըսաւ Քըրպի` աւելցնելով. «Նախագահ Պայտընի պատուիրակը (Էյմըս Հոքշթայն) այս նպատակով երկխօսութիւնը կը կատարէ»:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն Երեքշաբթի օր Թել Աւիւէն հասաւ Պէյրութ: Ըստ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի փոխանցած տեղեկութեան՝ ամերիկացի պատուիրակը իրեն հետ բերած է նախորդներէն աւելի խիստ եւ վտանգաւոր պատգամ մը, թէ պէտք է բանակցելով զինադադար հաստատել, այլապէս մագլցումը անխուսափելի պիտի ըլլայ:
Պայտընի պատուիրակը հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճանսընի: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութիւնները եւ հարաւային սահմաններուն վրայ զարգացումները:
Հոքշթայն ապա մեկնեցաւ Այն Թինէ, ուր Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ իրենք լաւ քննարկում մը ունեցած են:
«Դժուար ժամանակներէ կ՛անցնինք. Միջնորդները եւ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի՝ Կազայի մէջ կացութեան հանդարտեցման վերաբերեալ առաջարկը ընդունեցին, եւ «Համաս» շարժումը զայն պէտք է ընդունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Զինադադարը վերջ կու տայ պատերազմին եւ դիւանագիտական լուծումներու առիթ կ՛ընծայէ, եւ անիկա նաեւ կրնայ վերջ տալ (Լիբանան-Իսրայէլ սահմանի) Կապոյտ գիծի երկայնքին հակամարտութեան»:
««Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի միջեւ Կապոյտ գիծի երկայնքին հակամարտութիւնը երկար ատեն շարունակուեցաւ: Անմեղ քաղաքայիններ կը մահանան, կալուածներ կը վնասուին, լիբանանեան տնտեսութիւնը անկումի մէջ է եւ երկիրը անտեղի կերպով կը տառապի, ու վճռական լուծում գտնելը բոլորին շահերէն կը բխի», ըսաւ Հոքշթայն՝ աւելցնելով. «Սահմանին վրայ կացութեան հանդարտեցումը բնակչութեան հարաւային Լիբանան եւ հիւսիսային Իսրայէլ վերադարձը պիտի արտօնէ: Այսօր Պէյրութի մէջ եւ երէկ Իսրայէլի մէջ կատարած բանակցութիւններուս նպատակը յաւելեալ մագլցումէ եւ պատերազմի ընդլայնումէն խուսափիլն է»:
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր տան մէջ ընդունեց Հոքշթայնը, անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը եւ դեսպան Ճանսընը: Միքաթի հանդիպումէն ետք յայտնեց հետեւեալը. «Լիբանան մագլցումի չի ձգտիր, եւ պահանջուածը Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելն է եւ վերադառնալը հարաւային սահմաններուն վրայ հանդարտութեան ու կայունութեան: Կը շարունակենք ձգտիլ մագլցումի դադրեցման, կայունութեան հաստատման, լիբանանեան գերիշխանութեան նկատմամբ շարունակուող ոտնձգութիւններու եւ Իսրայէլի գործած համակարգուած սպանութեան ու քանդումի արարքներու դադրեցման»:
Հոքշթայն իր կարգին հակիրճ յայտարարութիւն մը կատարելով՝ ըսաւ. «Սովորականին նման, վարչապետին հետ լաւ քննարկում մը ունեցայ: Դժուար ժամանակներէ եւ վտանգաւոր պահերէ կ՛անցնինք, եւ մենք միասնաբար կ՛աշխատինք՝ գտնելու ուղին հասնելու տեղ մը, ուր, ինչպէս նախկին յայտարարութեանս մէջ նշեցի, կը կանխարգիլենք յաւելեալ մագլցումը»:
«Ժատիտ»ը հաղորդեց, որ Հոքշթայն, նախքան Պէյրութէն մեկնելը, հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:
«Ամերիկացի պատուիրակին Լիբանան եւ Իսրայէլ այցելութիւններէն ետք յոռետես մթնոլորտ մը յառաջացած է», նշեցին իսրայէլեան լրատուամիջոցներ:
Հոքշթայնի մեկնելէն ետք վերսկսան «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի միջեւ հրթիռակոծումները։ Իսրայէլեան կառավարութեան բանբերը աւելի ուշ յայտարարեց հետեւեալը. «Սահմանին վրայ տեղի ունեցածին պատասխանատուութիւնը կը կրեն իրանեան ցուցմունքներով գործող «Հըզպալլա»ն եւ Լիբանանի կառավարութիւնը»:
Նշենք, որ «Հըզպալլա»ի մարտական տեղեկատուութեան բաժանմունքը Երեքշաբթի օր հրապարակեց տեսանիւթ մը, որ կը ցուցադրէր Իսրայէլի մէջ զինուորական դիրքեր եւ ենթակառոյցներ: