
Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նախագահ, պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանի խոշտանգումէն առաւել քան երեք շաբաթ ետք, ոեւէ ոստիկան չէ մեղադրուած. ոստիկանական խումբով յարձակումէն ետք, առայժմ դադրեցուած է միայն մէկ կարմիր բերետաւորի լիազօրութիւնը:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ Սիմոնեան կը հարցնէ, թէ ի՛նչ կը քննարկեն այդքան երկար, երբ համացանցին վրայ բազմաթիւ են բռնութեան դէպքին մանրամասները` դերակատարներով, երբ շատ արագ կարելի է նոյնականացնել եւ յայտնաբերել մեղաւորները։
«Ակնյայտ է մէկ բան` երբ կայ յստակ տեսաձայնագրութիւն, երբ բոլոր ոստիկան կոչուածների քայլերն ու գործողութիւնները ակնյայտ են, եւ էս պարագայում չկայ որեւէ մեղադրեալ ներգրաւուած էս գործում, սա խօսուն ապացոյցն է էն մասին, որ էս իշխանութիւնները հակուած չեն արդարադատութիւն իրականացնելու էս երկրում: Շատ պարզ է, չէ՞», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Սիմոնեան:
«Քրէական գործը յարուցուեց դէպքից մի քանի օր անց` պաշտօնատար անձի կողմից բռնութիւն գործադրելու միջոցով ծառայողական լիազօրութիւններն անցնելու կամ չարաշահելու յօդուածով: Համացանցում տարածուած կադրերից երեւում է, թէ ինչպէս են մի քանի տասնեակ կարմիր բերետաւորներ քաշքշում, հարուածներ հասցնում պատգամաւորին, նրան փորձում բերման ենթարկել», կը յայտնէ «Ազատութիւն»:
«Ինձ մէկ անգամ պաշտօնապէս ծանուցել են, եւ ես շատ պարզ իրենց բացատրել եմ, որ «քանի չկայ ներգրաւուած էս գործով մեղադրեալ, ես որեւէ մեկնաբանութիւն տալու ձեզ անհրաժեշտութիւն չունեմ»` էն պարագայում, երբ որ ամբողջ դէպքը տեսաձայնագրուած է, յստակ բոլորը շատ պարզ են` ով են, ովքեր են, ինչպիսի գործողութիւններ են իրականացնում», նշեց Սիմոնեան:
Ան տուժողի կարգավիճակ ունի, հրաժարած է հարցաքննութենէն եւ դատաբժշկական փորձաքննութենէն: Սիմոնեան պատմեց, որ վնասուածքները արդէն լաւցած են, եւ ինքն արդար քննութեան ակնկալութիւն չունի: Ան պնդեց, որ միջադէպին ոչինչ նախորդեց, կարմիր բերետաւորները պարզապէս տարածքին մէջ կուտակուած էին, ապա յարձակեցան իր վրայ:
«Ազատութիւն»ը կը պատմէ, որ միւս կողմէ ծեծէն ժամեր ետք ոստիկանապետ Արամ Յովհաննիսեան, ըստ էութեան, խոստովանեցաւ, որ ոստիկաններուն բռնութեան պատճառը անոնց ուղղուած պատգամաւորին հայհոյանքն էր: Յովհաննիսեան ըսաւ, որ ծառայողական քննութիւնը եւ վարոյթը պիտի պարզեն եղելութիւնը։
Սիմոնեան, մինչդեռ, կը պնդէ, որ թող լաւ ուսումնասիրեն տեսանիւթը եւ պարզեն, թէ ով որո՛ւն հայհոյած է: «Կը հասկանաք` ում հայհոյանքը ումից յետոյ է հնչում, ինչի համար է հայհոյանք հնչում եւ ոնց է հնչում»։
Սիմոնեանի կուսակից Արծուիկ Մինասեան իր կարգին պնդեց, որ կան ընդդիմադիր շարժումին տասնեակ մասնակցողներ, որոնք նախորդ ամսուն տարբեր վնասուածքներ ստացած են նոյնինքն ոստիկանական բռնութիւններէն, բայց ոչ մէկ գործող ոեւէ ոստիկան չէ կանչուած:
«Քրէական վարոյթ նախաձեռնելու շրջանակներում անգամ քննչական մարմինը քրէական հետապնդում գոնէ մէկ անձի նկատմամբ` էդ բորենիների նկատմամբ, դրանցից ամենաակնառու երեւացող` առաջին գոնէ 15-20ը պարզ երեւում են` ովքեր են, դրանցից գոնէ մէկի նկատմամբ քրէական հետապնդում չի յարուցել: Յետոյ էլ խօսում են արդարութեան, արդարադատութեան, իրաւունքի գերակայութեան մասին», «Ազատութեան» ըսաւ Մինասեան:
Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունց «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ընդգծեց, որ պետութեան պարտաւորութիւնն է ջանքեր գործադրել` հաստատելու համար արդարադատութիւնը: Բայց, ըստ անոր, պետութիւնը անհրաժեշտ ջանքեր չէ գործադրած։
«Ակնյայտ գործ ունենք ընտրողական արդարադատութեան հետ, երբ որ սովորական քաղաքացիների կողմից կատարուած գործողութիւնները, որոնք քրէօրէն հետապնդելի են, շատ շուտ եւ շատ արագ թէ՛ քննչական գործողութիւններ են կատարւում, եւ նաեւ մեղադրանք է առաջադրւում, դատապարտւում են, իսկ եթէ դա իրականացւում է պաշտօնատար անձի կողմից կամ ոստիկանի կողմից, ապա այդ դէպքերում յապաղում են, մեղմ ասած, եթէ չասենք, որ անտեսւում են», ընդգծեց Սաքունց:
Հակառակ իրաւապաշտպաններու քննադատութեան` իշխանութիւնները մէկ անգամ իսկ չյայտարարեցին, որ վարչապետի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի հաւաքներուն ոստիկանութիւնը համաչափ գործած է, նաեւ՝ 12 Յունիսին, երբ լուսաձայնային նռնակներ կիրարկուեցան` վիրաւորելով 100 անձեր։
Սաքունց կը պնդէ, որ որովհետեւ քննչական գործողութիւնները այսպիսի դանդաղ ընթացք ունին, կը նշանակէ, որ իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները կը կաշկանդեն իրաւապահները:
«Իշխանութիւնը` պատասխանատու իշխանութիւնը, չպէտք է թոյլ տայ իրեն եւ իրաւունք չունի նման գնահատական տալու, երբ որ ակնյայտ են փաստերը, որ քաղաքացիները բռնութեան են ենթարկուել, ակնյայտ են փաստերը, որ յատուկ միջոցներից մարդիկ կան վիրաւորուած, մարմնական վնասուածքներ ստացած, եւ առանց քննութեան արդիւնքների նման դիրքորոշում արտայայտել իրաւունք չունի», նշեց Սաքունց:
ԳԵՐՍԱՄ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻՆ ՎԵՐԱԳՐՈՒՈՂ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ ԱՊՕՐԻՆԻ Է
ՀՅԴ Հայաստանի Հանրային կապերու գրասենեակը իր կարգին 19 Յունիսին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ դիտել տալով, որ իշխանական կայքերուն եւ ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ կը յայտնուին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեանին վերագրուող ձայնագրութիւններ, որոնցմով փորձ կը կատարուի արատաւորելու Գերասիմ Վարդանեանի բարի համբաւը եւ կեղծ լուրեր տարածելով՝ պառակտումներ յառաջացնելու ընդդիմադիր դաշտին եւ շարժման շարքերուն մէջ:
«Յայտնում ենք, որ իսկութեանը չհամապատասխանող այդպիսի ձայնագրութիւնների ստեղծումը (թէ ինչ տեխնոլոգիաներով (արհեստագիտութիւններով) են դրանք ստեղծել, դեռ կը պարզուի քննութեան ընթացքում) եւ տարածումն ապօրինի է: Այդպիսի վարքագիծն ամբողջովին համապատասխանում է Հայաստանում հաստատուած ռեժիմի (վարչակարգի) `ստի եւ կեղծիքի որդեգրած գործելաոճին: Նշենք նաեւ, որ մենք տեղեկացուած էինք այս եւ նմանատիպ այլ «ձայնագրութիւններ» պատրաստելու իշխանութիւնների յանձնարարութեան մասին: Մէկ անգամ եւս յայտնում ենք, որ դրանք միանգամայն հակաօրինական են, նմանատիպ ձայնագրութիւնների ստեղծման եւ տարածման գործում ներառուած բոլոր անձանց պէտք է տրուի համապատասխան քրէարիաւական գնահատական», կ՛ըսուի ՀՅԴ Հայաստանի Հանրային կապերու գրասենեակի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ: