

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ԱԶԳԸ ՓՈՍԻ ՄԷՋ

Փոսավախութիւն (*) մը ունիմ այն օրէն, երբ աշակերտական տարիներուն սորված էինք, թէ մեր սիրած բանաստեղծը 36 տարեկանին ինկած եւ մահացած է քաղաքապետարանին բացած փոսին մէջ: Փոսը եւ փոսերը լեցնելու աշխատանքը չաւարտող հարց է, իսկ Հայաստանի մէջ՝ կառավարական ասուլիսներու տաք նիւթ. «Այս տարի փոսերի ծաւալն ահռելի է», տեղեկացուց պատգամաւորը, եւ «Փոսալցում անելուց՝ որակ ա պէտք», պատուիրեց վարչապետը: Ահռելի է, իսկապէս, որ ինքնաշարժ մը – կամ բանաստեղծ մը – փոսազրաւ(*) դառնայ: Իսկ ի՞նչ ընել, կամ ի՞նչ ըսել, երբ ամբողջ երկիր մը ինկած է՝ փոսի մէջ: Հայրենի մամուլին մէջ ամիսէ մը ի վեր ահազանգող խորագիրներ լոյս կը տեսնեն. «Այսօր Մեզ Այս Մեծ Փոսից Հանող Է Պէտք», «Փոսից Դուրս Գալը Հնարաւոր Է»: Գիշերային այս ժամուն, յարգելի ընթերցող, փառք տալով, որ առանց քաղաքապետարանին ստեղծած փոսին մէջ իյնալու տուն հասած ենք՝ ինքս եւ ինքնաշարժս, որոշեցի հայկական գրականութեան խոշոր փոսին յատակը իջնել, զգուշութեամբ անշուշտ, եւ դուրս հանել այն բոլոր գեղեցիկ կտորները, որոնք դարեր շարունակ մութի մէջ մնացեր են: Յուսամ այսօր ինծի կը յաջողի ընտիր գիւտեր կատարել եւ աւարտին ապահով դուրս ելլել այդ փոսէն:
ՓԵՏՈՒՐՈՎ ՓՈՍ ՓՈՐԵՑԻՆՔ
412 թուականին, Վաղարշապատի մէջ աշխոյժ աշխատանք կար. լեզուագէտ այրեր գրիչներով, փետուրներով վանկ առ վանկ, բառ առ բառ սկսան փորելու «փոս» բառին փոսը: Աշխատանքին արմատը յունական էր: Իրօք, հայկական «փոս» բառը եկած է բիւզանդական շրջանի նոյնիմաստ «ֆոսսա» բառէն, որուն արմատը լատինական fossa գոյականն է: Հայկական «փոս»ին մէջ այժմ կան բարդ բառեր, դարձուածքներ եւ արտայայտութիւններ: Հին օրերուն հայոց արքաներուն հիմնական գործն էր քաղաքի պաշտպանութեան համար «փոս հատանել քաղաքին», այսինքն՝ պաշտպանական փոսով շրջապատել քաղաքամայրը: Նոյն փոսին մէջ ես գտայ ասդին-անդին ցրուած, քիչ մը ժանգոտած բարդ բառեր. անդնդափոս, դարափոս, փոսահերձ, փոսացուցանեմ: Վերջին անգամ Ագաթանգեղոսը եւ Եղիշէն գործածած են զանոնք. «Բաժանէ զաշխարհս սահմանադրութեամբ՝ փոս գործելով», «Փոսահերձ փողոցաձեւ ճանապարհ», «Անմաքուր ձեռօք սկսանէր փոսել»: Այսօր ունինք բառեր, հինգ հատ են անոնք, որոնք աւելի գործածական են. փոսաթակարդ, փոսախոր, ջրափոս, գերեզմանափոս, ինչպէս նաեւ ժպտադէմ մանկիկներու այտերուն վրայ յայտնուող սիրունատես եւ կարմրիկ «փոսիկը»: Իսկ եթէ ժպիտ կ՛ուզէք, ուրեմն գործածեցէք հետեւեալ ասոյթը. «Մեր տունը փոս է, ինչքան խելառ կայ՝ հոս է»:
ԳՐԱԿԱՆ ՓՈՍԻԿՆԵՐ
Հայկական գրականութեան մէջ, 19րդ դարուն յատկապէս, «փոս» բառը մութ էր, խաւարատես, տրտում, կարելի է ըսել՝ մահաշունչ: Հայ քերթողը յուզիչ տողերով հառաչեց, թէ ինք կամ իր սիրածը ինկած է մահուան փոսին գիրկը: Յարգելի ընթերցող, այդ բանաստեղծութիւններուն մէջ դուք օգնութիւն խնդրող անյոյս աղաղակներ կը լսէք: Ահա Պետրոս Դուրեան, որ «Սեւ, սեւ» բանաստեղծութեան մէջ ընկերուհիին մահուան կը ցաւի. «Ունէի ես իմ սիրուհին… / Հրեշտակ մ՛էր նէ, հրեշտակ անթեւ… / Սեւ երազ մը օր մը դողդոջ / Մղեց զիս սեւ փոսի մ՛առջին… / Աւա՜ղ, ներա վարդքն ու աստղերն / Լուռ պիտի տար կուլ այն սեւ փոս»: Դանիէլ Վարուժան մեզի նկարագրեց հարճ Նազենիկի գերեզմանը. «Բարտի մը կար հինաւուրց… / Ու Տրդատի հրամանով անոր բունին ճիշդ ներքեւ / Միահամուռ փորեցին Նազենիկի փոսը սեւ»: Մատթէոս Զարիֆեան յուսահատ որբուհիի մը նամակը գրի առաւ «Զիս կալանող բորենին փոսս արդէն փորեր է»: Արտաշէս Յարութիւնեան տարբեր նկարագիր ունէր: Ան, հակառակ բոլոր ցաւերուն, որոշեց յամառօրէն դուրս ելլել կեանքի փոսէն. «Քարուտ ճամբէն, յիմա՛րօրէն, փոսէ փոս, / Կը փորձեմ դեռ ես մագլցիլ յամր, անխօս»: Օր մը, ժպիտը վերադարձաւ հայու դէմքին: Նախ Յովհաննէս Շիրազ նկատեց զայն. «Ինչ լաւ՝ այտափոսիկ ունես՝ / Երբ ժպտում ես՝ ի՜նչ լաւ»: 60ականներու լաւատեսութեան մէջ Ռաֆայէլ Արամեանը հիացաւ գեղեցկուհիի մը ժպիտին. «Այտափոսիկների մէջ կուտակւում է մի քաղցր ու խորամանկ ժպիտ»:
«ՓԷՕՍ» ՄԻ ՓՈՐԵՐ
Իմաստուն ռամիկը քով քովի դրաւ «փոս» եւ «փորել» բառերը՝ կազմեց խրատական դարձուածք մը. «Փոս փորողն ինքը փոսի մէջ կ՛իյնայ»: Ժողովրդական առակներու բանահաւաք Վահան վրդ. Պարտիզակցի ալ զայն վերածեց քառեակի.
«Թէ ուրիշին փոս կը փորես,
Նայէ որ շատ կը խորես
Որ երբ մէջը գիլորուիս,
Ողջ մնաս, ողջ դուրս ելնես»:
Անշուշտ որ ամէն գաւառ ունէր ի՛ր «փոսը», բարբառային տարբերակները նկատի ունիմ: Տիգրանակերտի մէջ փորեցին «փուս», Զէյթունի եւ Մուսա լերան վրայ՝ «փիւս», իսկ Սեբաստիոյ եւ Համշէնի մէջ՝ «փէօս»: Բառս ճամբորդեց հիւսիս, Վրաստան, եւ դարձաւ «փոսո»: Բանահաւաք մեր այրերը նաեւ արձանագրեցին հազուագիւտ ածական մը՝ «խեռնոտ», որ պարզապէս կը նշանակէ «փոս ծոծրակ ունեցող»:
ՓՈՍԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ
Փոսառատ (*) լեռնաշխարհիս մէջ զարմանալի չէր «փոս» բառին՝ իբրեւ տեղանուն հանդիպիլը: Երեւակայական եւ յետահայեաց թռիչք մը կատարեցէք եւ դուք պիտի տեսնէք «Փոս» վանքը Կիլիկիոյ մէջ, «Փոսավանք» գիւղը Մոկքի մէջ, «Փոսիկ» գետակը Ճորոխի աւազանին, Կարսի «Փոսիկ» գիւղը եւ Տերսիմի «Փոսիվանք» գիւղը: Իսկ, ի՞նչ է հնագոյն ժամանակներէ ի վեր հայկական մատենագրութեան մէջ յիշուած «Դրունք Փոսից» կոչուածը: Ագաթանգեղոսը կը պատմէ. «Հայոց Խոսրով Մեծ թագաւորին դաւադրութեամբ սպանել տալով Պարթեւ Անակի ձեռքով՝ Արտաշիրը գրաւեց Հայոց երկիրը եւ անոր հրամանով «Վիհս փոսացուցեալ՝ սահմանս հաստատէին եւ տեղւոյն անուն եդեալ Դրունս Փոսից», այսինքն՝ փոսերու դուռ, որ ծանօթ է նաեւ «Փոսադուռն» անունով: Անիկա լեռնանցք է: Ըստ 7րդ դարուն կազմուած «Մղոնաչափ» ցուցակի՝ անիկա կը գտնուի Մեծ եւ Փոքր Հայք նահանգներու սահմանագիծին վրայ, Գայլ գետի (Քէլքիտ) ակունքին, Կարինէն Կոլոնիա (Շապին Գարահիսարի մօտ) տանող ճանապարհին վրայ: Այդ բոլորէն մնաց միայն «Փոսեր» կոչուած տեղը, ուր վերջերս ահռելի հրդեհ մը ծայր առաւ. «Ժամը 15:02ին տեղեկութիւն է ստացուել, որ Արագածոտնի մարզի Կարբի գիւղի «Փոսեր» կոչուող հանդամասում այրւում է եղէգնուտ: Դէպքի վայր է մեկնել մէկ մարտական հաշուարկ: Հրդեհը մեկուսացուել է ժամը 15:36ին, մարուել՝ 15:43ին: Այրուել է մօտ 2000 քմ. մակերեսով եղէգնուտ»:
ԵՐԳՈՂ ՓՈՍԸ
Կասկած չունիմ, որ հազուագիւտ կտորներ դուրս հանեցինք հայկական գրականութեան եւ պատմութեան խոր-խոր փոսերէն դուրս: Իսկ այժմ վերադառնանք մեր առօրեային: Մինչ Երեւան մայրաքաղաքին մէջ «քաղաքապետարանը խոստանում է աւելի որակեալ փոսալցում», ա՛զգը ինչ կրնայ ընել, երբ փոսի մէջ յայտնուած է: Մամուլի մէջ լոյս տեսած այլեւայլ կարծիքներով փորձենք իմաստուն ելք մը գտնել. «Կանայք պէտք է մեր երկիրը հանեն փոսից», «Դու ինքդ պիտի հանես քեզ փոսից»: Իսկ մէկ այլ հայրենակից, մատնանշելով Խոր Վիրապը՝ տուաւ հետեւեալ առաջարկը. «Ես հաւատում եմ, որ մեր վերելքը պէտք է սկսի այս խորը, խորը փոսից: Այս փոսից սկսուել է հայոց վերելքը»: Այժմ դուք կը մտածէք, թէ ո՛րն է ճիշդ ճանապարհը, իսկ ես յօդուածս կը փափաքիմ աւարտել Սպիրիդոն Մելիքեանի ձայնագրած երգով, ուր փոսը լեցուեր է կենսուրախ եղանակով.
«Ձունն էկել է հալել է,
Ալ մինթանես, մինթանես,
Փոսն ա լցուել սառել է,
Ալ մինթանէս, մինթանէս»:
(*) «Փոսավախութիւն», «Փոսազրաւ» եւ «Փոսառատ» բառերը գոյութիւն չունին: Անոնք պէտք էին յօդուածիս համար: Հնարեցի՛: Յուսամ անգամ մը եւս պէտք չենք ունենար: