ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսական հեղինակաւոր «Լը Փուէն» (Le Point) շաբաթաթերթը Երեքշաբթի, 18 Յունիսին իր կայքի գլխաւոր լուրի բաժինին մէջ հրապարակեց ֆրանսացի 120 անձնաւորութիւններու՝ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին յղած կոչը, որուն միջոցաւ կը պահանջուի ֆրանսական զօրաբաժին մը ուղարկել Հայաստան, որուն գոյութեան վտանգ կը սպառնայ։
Նախաձեռնութիւնը կու գայ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդէն (CCAF)։
Կոչին միացած են մեծ թիւով քաղաքական բարձրաստիճան դէմքեր, ծանօթ արուեստագէտներ, մտաւորականներ եւ գիտնականներ։ Յիշենք անոնցմէ մի քանին՝ Անն Հիտալկօ, Էլիզապէթ Պատանթէր, Պերնար Քուշնէր, Էկզաւիէ Պերթրան, Լորան Վոքիէզ, Էրիք Սիոթի, Պերնար-Հանրի Լեւի, Ֆրանսուա-Էկզաւիէ Պելամի, Պրիւնօ Լը Ռու, Ռոպէր Կէտիկեան, Սիմոն Աբգարեան եւ տասնեակ ուրիշներ։