Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» թերթիը յայտնեց, թէ պաշտօնատարներ փոխանցեցին, որ Իսրայէլ եւ «Համաս» համաձայնեցան (Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ) Պայտընի առաջարկին առաջին փուլի պայմաններուն, եւ տարակարծութիւնը պատերազմին վերջ տալուն շուրջ է:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ միջնորդներուն հետ աշխատիլ զինադադարի բանակցութիւններուն մէջ բացերը կամրջելու համար, սակայն որոշումը «Համաս»ինն է, որ, ըստ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին, կը շարունակէ իր պահանջներու նշաձողը բարձրացնել:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու՝ կայ այն կարծիքը, որ Կազայի մէջ կացութիւնը առնուազն մինչեւ տարեվերջ պիտի մնայ իր ներկայ վիճակին մէջ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Պարպըրա Լիֆ Քոնկրեսին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն իր գլխաւոր գործընկերներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի իրենց կարելին ընեն «Համաս»ը մղելու զինադադարի առաջարկը ընդունելու:
Ան նշեց, որ Քաթարի միջնորդութիւնը չափազանց կարեւոր է, եւ քաթարցի միջնորդները անդադար աշխատեցան Կազայի մէջ գերիներու ազատ արձակման համար:
Լիֆ աւելցուց, որ իր երկիրը կը ջանայ աւարտել տագնապը եւ թէ՛ իսրայէլացիներուն, թէ՛ պաղեստինցիներուն համար մնայուն ապահովութեան պայմաններ ստեղծել:
«Պատերազմէն ետք «Համաս»ը իշխանութենէն հեռացնելը դժուար պիտի ըլլայ», նշեց Լիֆ։