

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ բարձրաստիճան ծերակուտականներ Ճեք Ռիտ եւ Շելտըն Ուայթհաուս եւ մօտաւորապէս 20 այլ ծերակուտականներ նամակով մը դիմեցին նախագահ Ճօ Պայտընին՝ պահանջելով, որ Ուաշինկթըն յատկանշական կերպով աւելցնէ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն համար նկատի առնուած աջակցութեան քանակը։
20 Յունիս թուակիր նամակին մէջ կը շեշտուի հետեւեալը. «Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ մենք միայն վերջերս ոգեկոչեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան 109րդ տարելիցը, Միացեալ Նահանգները պէտք է քայլերու ձեռնարկէ, որպէսզի հայերու նկատմամբ հետապնդումները երբեք չկրկնուին: Այս մէկը կարելի է ընել Հայաստանին յաւելեալ մարդասիրական եւ տնտեսական աջակցութիւն տրամադրելով, հայ-ամերիկեան կապերը ամրապնդելով եւ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելով»:
Նամակին մէջ կը յիշեցուի, որ Հայաստանի մէջ ներկայիս կ՛ապրին առաւել քան 115,000 արցախցի գաղթականներ, ներառեալ՝ 36,000 մանուկներ, «որոնք բռնի տեղահանուած են Ատրպէյճանի կողմէ»։
Ծերակուտականները կը շեշտեն, թէ Հայաստան կարիքը ունի մօտաւորապէս 2 միլիառ տոլար օգնութեան,՝ գոհացնելու համար գաղթականներուն կենսական կարիքները, մինչդեռ Ամերիկա Հայաստանին ցարդ տրամադրած է միայն ընդամէնը 15 միլիոն տոլար մարդասիրական օգնութիւն:
Այս նախաձեռնութեան կողքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանք կը տանի (anca.org/FY25aid) վաւերացնել տալու Ներկայացուցիչներու տան 2025ի արտաքին օժանդակութիւններու բանաձեւին (H.R.8771) երեք յաւելուածներ, որոնք կը վերաբերին արցախցիներուն տրամադրուող օժանդակութեան ծաւալներու աճին, Ատրպէյճանի օժանդակութիւներու կասեցման եւ ցեղասպանական գործողութիւններու համար Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու ջանքերուն։
Հայանպաստ նախագիծերը ներկայացուած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի, ինչպէս նաեւ Նիքոլ Մալիոթաքիսի (թիւ 146 յաւելուած), Տինա Թայթըսի (թիւ 51 յաւելուած) եւ Մայք Լոլըրի ու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Կաս Պիլիրաքիսի կողմէ (թիւ 54 յաւելուած) ։