22 Յունիսին գումարուեցաւ ՀՅԴ Արցախի կառոյցներու ընդլայնուած կազմով սեմինար-խորհրդաժողովը, նուիրուած՝ Արցախի ներկայ իրողութիւններուն:
Խորհրդաժողովին զեկոյցներով հանդէս եկան Լեռնիկ Յովհաննիսեան՝ «Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը Ադրբեջանի կողմից 44օրեայ պատերազմից եւ 2023թ․ Սեպտեմբերի 19ից յետոյ» նիւթով, Լենա Խաչատրեան՝ «Արցախցիների վերադարձի իրաւունքը» եւ Տաթեւիկ Աղաջանեան՝ «Արցախցիների բնակարանային ապահովման գործընթացի եւ ՀՀ իշխանութիւնների վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ»:
Ներկաները հարցումներ ուղղեցին հիմնական զեկուցողներուն եւ հանդէս եկան նիւթերուն վերաբերող իրենց առաջարկներով ու դիտողութիւններով: