Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Պաքու ցարդ չէ արձագանգած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` միացեալ հետաքննման գործիքակազմ մը յառաջացնելու առաջարկին:
Նշենք, որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար կը տարածէ հաղորդագրութիւններ, թէ՝ հայկական զինուած ուժերը կը խախտեն զինադադարի դրութիւնը, իսկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հերքէ այս լուրերը:
«Հայաստանին, բնականաբար, անհանգստացնում են նման հաղորդագրութիւնները, որովհետեւ միանշանակ է, որ հայկական կողմից էսկալացիայի (մագլցումի) ուղղութեամբ որեւէ քայլ չի եղել: Այսինքն` կրակոցներ չեն եղել, մեզ անհանգստացնում է, որ այդպիսի կեղծ լուրեր են տարածում: Խնդրին որպէս լուծում մենք Ադրբեջանին առաջարկել ենք, որպէսզի համատեղ հետաքննման մեխանիզմ (գործիքակազմ) ստեղծենք համապատասխան գերատեսչութիւնների միջեւ, դա կարող է լինել քննչական կոմիտէն կամ այլ մարմին: Այդպիսով մենք եւ միջազգային հանրութիւնը վստահելի տեղեկութիւն կ՛ունենանք: Բաքուն մինչ օրս չի արձագանգել», ըսաւ Գրիգորեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Հայաստանի այդ առաջարկը արդեօք չի՞ հակասեր Եւրոպական Միութեան կողմէ Հայաստանի մէջ դիտարկում իրականացնելու գործիքակազմին՝ Գրիգորեան ըսաւ, որ գործառոյթները քիչ մը տարբեր են:
Գրիգորեան վստահ է, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական խումբը եւ առաջարկուող նոր գործիքակազմերը իրար չեն հակասեր, որովհետեւ Եւրոպական Միութիւնը հետաքննութեան լիազօրութիւն չունի:
Ըստ անոր` եթէ Ատրպէյճան հետաքրքրուած է իրականութիւնը բացայայտելով, կը համաձայնի հետաքննող գործիքակազմ մը հաստատելուն:
Գրիգորեան նաեւ ըսաւ, որ Հայաստան պատրաստ է կարելի եղածին չափ արագ ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիրը, վերջերս ալ առաջարկ ներկայացուցած է մէկ ամսուան ընթացքին ստորագրել զայն:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ սահմանային սիւներ տեղադրելէ ետք, արդեօք Տաւուշը այժմ աւելի ապահո՞վ է՝ ան ըսաւ. «Տաւուշում սահմանազատման գործընթացը, մեր գնահատմամբ, աւելի շատ կայունութիւն է բերում, բայց ամբողջական կայունութեան համար, բնականաբար, խաղաղութեան պայմանագիր է պէտք: Պէտք է լինի խաղաղութիւն, որ ամբողջովին համոզուած լինեն` էսկալացիա չի լինի: Սա է հիմնական երաշխիքը»:
Գրիգորեան տեղեկացուց, որ հիմա Տաւուշի 4 հատուածներու մէջ կատարած են սահմանազատում. կարելի է նաեւ այլ տեղերու մէջ ալ նոյնը իրականացնել: «Այսինքն հատուածական է, միանգամից ամբողջ սահմանը հնարաւոր չէ սահմանազատել: Հիմքը 1976 թուականի քարտէզն է», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ յաջորդը Ջերմո՞ւկի շրջանին մէջ պիտի կատարուի սահմանազատում`Գրիգորեան ըսաւ, որ տակաւին համաձայնութիւն չկայ։