
Արամ Պէքարեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, հայրենասէր ջերմ յարկի մը տակ: Ան երկրորդ զաւակն է իր ծնողներուն: Պատանեկան տարիքէն սկսեալ, իր կեանքին կարեւոր մէկ մասը գրաւած է ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը: Ան նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Կիւլպէնկեան Ազգային եւ Հայկազեան Ազգային վարժարաններէն, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանէն: Ան 1970ին անդամակցած է ՀՄԸՄի Սուրիոյ շրջանի Հալէպի մասնաճիւղին:
Ան 1980ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ զբաղած ոսկերչութեամբ, ապա՝ փոխատուութեան աշխատանքով (loan): Քանի մը տարիներ ետք, ան ծանօթացած է եւ ամուսնացած ՀՄԸՄասէր Լենա Յակոբեանին հետ, եւ անոնք միասնաբար կազմած են հայաբոյր օճախ մը, բախտաւորուելով երկու զաւակներով՝ Գէորգ եւ Սօսի, որոնք հասակ առած են ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ՝ ազգային գիտակցութեամբ եւ հայրենասիրական ոգիով: Տարիներ ետք, ընտանիքը բազմացած է, Սօսին կազմած է իր ընտանեկան ջերմ բոյնը Քրիստափոր Մաթիի հետ, իսկ Գէորգը՝ Թիֆընի Մինասեանի հետ, որոնք իրենց մեծ հայրը եւ մեծ մայրը բախտաւորած են թոռներով:
1982ին, եղբայր Արամը անդամակցած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, ուր իր գործօն մասնակցութիւնը բերելով՝ ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ: Ան 1982ին եղած է մասնաճիւղի Սկաուտ խորհուրդի անդամ, իսկ 1986ին՝ մասնաճիւղի վարչական: 2006ին փոխանցուած է Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղը եւ վարչական ընտրուելով՝ մեծ ներդրում բերած է մասնաճիւղի վերելքին ի խնդիր:
Մեծարեալ եղբայրը երկար տարիներ բեղուն գործունէութիւն ունեցած է նաեւ ՀՄԸՄի շրջանային եւ կեդրոնական մակարդակներուն վրայ: Իր ունեցած առողջ ղեկավարի յատկութիւններուն, պատասխանատուութեան գիտակցութեան, նուիրումին եւ կամաւոր աշխատանքին շնորհիւ, իրեն վստահած են բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ՝ Նաւասարդեան խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ (2012), Շրջանային Դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ (2014), Շրջանային վարչութեան ատենադպիր (2016), «Հրաշք» բաժանմունքի յանձնախումբի ատենապետ (2018), Կեդրոնական վարչութեան ՀամաՀՄԸՄական «Հրաշք» մարզախաղերու յանձնախումբ (2022):
Եղբայր Արամին դերը մեծ եղած է նաեւ ՀՄԸՄի «Հրաշք» բաժանմունքի ստեղծման մէջ: Յիշենք, որ «Հրաշք» բաժանմունքը հիմնուեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակին առիթով՝ համախմբելու համար յատուկ խնամքի կարօտ պատանիները եւ երիտասարդները: Եղբայր Արամը անվերապահօրէն իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ բաժանմունքի աշխատանքներուն: Ներկայիս, ան «Հրաշք» բաժանմունքի յանձնախումբի անդամ է:
2019ին, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, նկատի ունենալով Արամ Պէքարեանի ՀՄԸՄի հանդէպ ցուցաբերած միութենական զոհողութիւնները եւ անսակարկ նուիրումը՝ ընդառաջած է մասնաճիւղի դիմումին եւ զայն պարգեւատրած՝ շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն՝ «Ծառայութեան» շքանշանով:
Եղբայր Արամին համար ՀՄԸՄը իր կեանքի դպրոցն է, որմէ ժառանգած է կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու քաջութիւնը: Ան ՀՄԸՄի շնորհիւ կրցած է ունենալ ընկերային լայն շրջանակ մը եւ հայաբոյր մաքուր շրջապատ մը, որոնց համար ան մեծապէս երախտապարտ է իր սիրելի կազմակերպութեան՝ ՀՄԸՄին, որ կը նկատուի Սփիւռքի եւ Հայաստանի ամէնէն կարեւոր կազմակերպութիւններէն մէկը:
Եղբայր Արամը յաջողած է հայ ընտանիք մը կազմել՝ պահպանելով հայերէնը, ազգային ոգին եւ մշակոյթը: Եղբօր իղձն է, որ նորահաս սերունդները եւս կազմեն հայաշունչ ընտանիքներ՝ պահելով հայերէնը եւ հայուն ինքնութիւնը:
Կը շնորհաւորենք Արամ Պէքարեանը՝ «Տիպար ՀՄԸՄական» տիտղոսին արժանանալուն ուրախ առիթով, որուն ան իսկապէս արժանի է: Վստահ ենք, որ ան իր աշխատասիրութեամբ, ՀՄԸՄին հանդէպ ունեցած սիրոյն, յարգանքին եւ հաւատքին, բարի օրինակ պիտի հանդիսանայ նորահաս մեր սերունդներուն:
ՀՄԸՄի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ