
Սարեան ընտանիքը ծագումով Արեւմտեան Հայաստանի Բալու գաւառէն է: Ընտանիքին նախահայրերը Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած են եւ կորսնցուցած են իրենց բոլոր ունեցուածքը: Ատանա հաստատուելով, ընտանիքին մեծ հայրը՝ Մարտիրոսը, շինարարութեամբ զբաղած է եւ ընտանիք կազմած է, բայց քանի մը տարի ետք ընտանիքը աքսորուած է Տէր Զօր: Համաշխարհային առաջին Պատերազմի աւարտին վերադարձած է Ատանա: 1922ին, քեմալական հալածանքներուն պատճառով, Սարեան ընտանիքը անգամ մը եւս բռնած է գաղթի ճամբան եւ հասած է Լիբանանի ծովափը, առանց որեւէ ունեցուածքի եւ օտար լեզուի իմացութեան: Սկիզբը, ընտանիքը տեղաւորուած է վրաններու տակ, ապա հաստատուած է Պուրճ Համուտ:
Մայք Մարտիրոս Սարեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, հայրենասէր ընտանեկան ջերմ յարկի տակ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է շրջանի ՀԲԸՄի Նազարեան նախակրթարանէն, ապա՝ Յովակիմեան Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, 1978ին, ընտանեօք կը հաստատուի Լոս Անճելըս, ուր կ՛աւարտէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի առեւտրական ճիւղը, ապա կը սկսի հաշուակալական գործ վարել տեղւոյն հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, նոյն ատեն շարունակելով ուսումը առեւտրական ոլորտին մէջ: Ան «Լա Վըրն» համալսարանէն կը վկայուի MBA-ով, ապա կը ստանայ հանրային առողջապահութեան (Public Health) դոկտորի տիտղոսը:
Մայք Սարեան, շնորհիւ իր աշխատասիրութեան եւ ունեցած կարողութիւններուն՝ մեծ յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ: Ան ֆինանսական պաշտօնեայի իր դիրքէն բարձրանալով՝ կը դառնայ հիւանդանոցին պատասխանատուն, ապա տնօրէն՝ CEO եւ 1990ականներուն իր մասնագիտութեան ոլորտին մէջ կը դառնայ յաջողակ եւ հմուտ անձնաւորութիւն մը: Ներկայիս, ան կը վարէ 44 հիւանդանոցներ 14 նահանգներու մէջ:
Ան շրջան մը կը փոխադրուի Փենսիլվենիա, ուր չորս տարիներ հիւանդանոցներու մեծ ցանց մը կը ղեկավարէ: Ապա ան կը վերադառնայ Քալիֆորնիա, ուր ընտանեկան ծրագիրներու ժամանակ յատկացնելով՝ կ՛ունենայ իր դուստրը՝ Քրիսթինը: Դժբախտաբար, ընտանեկան երջանկութիւնը երկար չի տեւեր: Ան կը կորսնցնէ իր կինը՝ Սիւզընը, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Իբրեւ տիպար եւ գիտակից հայ ծնողք՝ ան քրիստոնէական հաւատքով, ընտանեկան վեհ արժէքներով եւ հայեցի կենցաղով կը դաստիարակէ Քրիսթինը, որ հայօրէն հասակ առնելով՝ մաս կը կազմէ ՀՄԸՄի մարզական բաժանմունքին եւ պասքեթպոլի մարզաձեւին հետեւելով, իբրեւ ՀՄԸՄական կը կերտուի ազնիւ նկարագիրով եւ առողջ միտքով, հոգիով եւ մարմինով:
Աշխատանքին կողքին, Մայք Սարեան Սաքրամենթոյի մէջ անդամ կը դառնայ հիւանդանոցներու միութեան, որ Քալիֆորնիոյ մէջ շուրջ 500 հիւանդանոցներ կը վարէ եւ իր հմտութիւնը ի սպաս դնելով միութեան ծրագիրներուն:
Մայք Սարեան անդամ է նաեւ շարք մը համալսարաններու խորհրդատու մարմիններու, հոգաբարձութիւններու եւ իր գործերուն կողքին կը կատարէ մարդասիրական մեծ աշխատանք:
Տարիներ ետք, ան կը հանդիպի իր կնոջ՝ Եւելինա Պօղոսեանին, դարձեալ գտնելով իր կեանքի ջերմութիւնը:
Եւելինա Պօղոսեան ծնած է Երեւան: 9 տարեկանէն ի վեր տարուած է նորաձեւութեամբ եւ այդ տարիքին մասնակցած է նորաձեւութեան իր առաջին ցուցադրութեան:
Եւելինա, նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է իր ծննդավայրի վարժարանէն, ապա ան ստացած է շուկայավարման (marketing) վկայագիրը՝ Հայաստանի Business Institute-էն, որմէ ետք Հայաստանի Atex Fashion College-էն վկայուած է ձեւագիտութեան աստիճանով: 1998ին ան փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ՝ մասնագիտանալու ձեւագիտութեան ճիւղին մէջ եւ 2001ին ստացած է նորաձեւութեան (design)ի աստիճան՝ Otis College of Art and Design-էն: Գիտելիքի հանդէպ իր ունեցած սէրը եւ գերազանցութեան ձգտումը կը ստիպեն զինք, որ շարունակէ իր բարձրագոյն ուսումը: Շուտով ան Woodbury համալսարանէն կը ստանայ կառավարման եւ MBA-ի երկու մագիստրոսի աստիճաններ:
Ան արժանացած է զանազան մրցանակներու՝ Rudi Gernreich մրցանակը՝ Լոս Անճելըսի մէջ, Onward Koshiyama՝ Թոքիոյի եւ Samsung-ի մրցանակը՝ Սէուլի մէջ: Իր աշխատանքները ցուցադրուած են զանազան ցուցահանդէսներու մէջ, ինչպէս՝ Los Angeles Fashion Weeks եւ վաճառուած հանրածանօթ եւ բարձրակարգ խանութներու մէջ, ինչպէս՝ Saks Fifth Avenue, Newman Marcus եւ Bergdorf Goodman: Ան դասաւանդած է Otis եւ «Ֆրեմոնթ» քոլէճներուն, Art Institute-ի եւ Idyllwild Arts Academy-ի մէջ: Ան յառաջադէմ գործարարուհի մըն է, որ կը տնօրինէ զանազան ընկերութիւններ, որոնցմէ է ծաղկավաճառի Gravel Floral ընկերութիւնը: Յիշենք, որ Եւելինան բախտաւորուած է երկու զաւակներով՝ Անասդասիա եւ Լիօ, որոնք մաս կը կազմեն ՀՄԸՄի մարզական բաժանմունքին: Անասդասիան թենիսի մարզաձեւին, իսկ Լիօն ոտնագնդակի եւ աթլէթի մարզաձեւերուն մէջ հմտանալով՝ իբրեւ ՀՄԸՄականներ կը թրծուին «առողջ մարմին, արթուն միտք եւ ազնիւ հոգի» ունենալու կամքով եւ ուժականութեամբ:
Ազգանուէր Սարեան զոյգը միշտ իրենց յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձուցած են Հայ եկեղեցին, հայկական կազմակերպութիւնները եւ միութիւնները: Սարեան ամոլի կեանքին առանցքը եղած է բարեսիրական եւ ազգային-միութենական նախաձեռնութիւններուն նեցուկ կանգնիլը: Սարեան ընտանիքը իր յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձուցած է հայ ազգը, զանազան առիթներով նպաստելով Հայաստանին, Արցախին եւ հալէպահայութեան: Բարին կը ցանկանք Սարեան ամոլին, որպէսզի յաջողութեամբ շարունակէ անձնական թէ բարեսիրական իր բոլոր աշխատանքները:
Սարեան ամոլին համար ՀՄԸՄը մեծագոյն հայկական մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութիւնն է, որուն անդամները կը սորվին հայրենասիրութիւն, ընկերասիրութիւն, կարգապահութիւն, մարզական ոգի եւ ձեռք կը բերեն կեանքի լայն փորձառութիւններ, գիտակցելով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին: Սարեան ամոլը մեծ ուրախութեամբ երախտագիտութիւն կը յայտնէ ՀՄԸՄի մեծ կամաւոր բանակին, որուն շնորհիւ կ՛իրագործուի Նաւասարդեան մարզախաղերը եւ հայանպաստ բոլոր նախաձեռնութիւնները:
Ազգային բարերար դոկտ. Մայք եւ տիկին Եւելինա Սարեանները եւ ՀՄԸՄական իրենց դուստրը՝ Քրիսթինը, հաւատալով ՀՄԸՄի հայակերտումի առաքելութեան եւ անոր հետապնդած վեհ նպատակներուն, աւանդութիւն դարձած Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնելով՝ փառահեղ նոր էջ մը պիտի աւելցնեն ՀՄԸՄի պանծալի պատմութեան մէջ:
ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին անունով, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սարեան ընտանիքը եւ բարձր կը գնահատենք Սարեան ընտանիքի անդամներուն գիտակից մօտեցումը, հայրենասիրութեան եւ նուիրումի ոգին՝ իբրեւ բարի օրինակ ՀՄԸՄասէր հայերուն, ստանձնելու ՀՄԸՄի ապագայ սերունդներու ազգային դիմագիծի կերտման եւ բարգաւաճման յանձնառութիւնը:
ՀՄԸՄի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ