Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը պատերազմական յանցագործ կոչեց:
«Էրտողան յայտարարեց, թէ կը զօրակցի «Հըզպալլա»ին, հակառակ Իսրայէլին ուղղուած սպառնալիքներուն: Էրտողան պատերազմական յանցագործ է, որ Սուրիոյ սահմանին վրայ անմեղ քիւրտեր կը սպաննէ եւ կը փորձէ մերժել Լիբանանէն՝ Իրանի հրահանգով յարձակած ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը», նշեց Քաց:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ արձագանգեց Քացի յայտարարութեան՝ ըսելով․ «Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին` մեր յարգարժան նախագահին դէմ ուղղուած անարգալից գրառումը կը նկատենք վարուելակերպ մը, որ կրնայ ընդունիլ միայն ցեղասպանութեան մէջ մեղադրուող պետութեան պաշտօնատարը»։