Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց, թէ պէտք է պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ բռնարարքները կասեցրել եւ մագլցումը դադրեցնել:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ծրագիրը չի գործադրուիր, սովը եւ ռմբակոծումը կը շարունակուին, օժանդակութիւնները Կազա մուտք չեն գործեր», նշեց ան՝ աւելցնելով․ «Պատերազմին՝ դէպի Լիբանան հաւանական ընդլայնումը պէտք է կասեցնել. այնտեղ կացութիւնը լարուած է: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ քննարկեցինք Իսրայէլի հետ սահմանին վրայ անմիջական հանդարտեցման կարելիութիւնները»:
Իր կարգին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարեց, որ ինք Ուաշինկթընի մէջ, ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ քննարկեց Կազայի մէջ պատերազմէն ետք առնուելիք քայլերը` նշելով. «Կ՛աշխատինք պատերազմին յաջորդող շրջանի ծրագիրին վրայ, որ կը ներառէ պաղեստինցիները, շրջանային գործընկերները եւ Միացեալ Նահանգները: Լիբանանի հետ պատերազմ չենք ուզեր, սակայն «Հըզպալլա»ի զինեալ խմբաւորումներուն մեր սահմանին վրայ ներկայութիւնը չենք կրնար ընդունիլ»:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, որ Կալանթի Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան խորհրդատու Ճէյք Սալըվընի հետ հանդիպումին մասին մամլոյ զեկուցում մը կը ներկայացնէր, իր կարգին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց հետեւեալը. «Ոչ ոք Իսրայէլի եւ «Հըզպալլա»ի միջեւ պատերազմ կ՛ուզէ, եւ կը կարծենք, որ Իրան հիւլէական զէնք զարգացնելու քայլեր չառաւ, սակայն սադրիչ քայլեր կատարեց: Ամերիկա եւ Իսրայէլ անհամբեր կը սպասեն մօտ օրէն ռազմավարական երկխօսութեան ժողովի կազմակերպման»:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարները Կալանթին յայտնեցին, թէ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ առկախ պահել ծանր զինամթերքի Իսրայէլի մատակարարումը` «մինչեւ վերատեսութեան հոլովոյթը ամբողջացնելը»:
«Երկու կառավարութիւնները տակաւին քննարկումներ կը կատարեն ծանր ռումբերուն շուրջ, որոնց մատակարարումը նախագահ Ճօ Պայտըն Մայիսի սկիզբը դադրեցուց` մեկնելով այն մտավախութիւններէն, որ այդ զէնքերը կրնան Կազայի մէջ աւելի մեծ թիւով զոհեր պատճառել», յայտնեց պաշտօնատար մը: