
24 Յունիսին, բարերարներ Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեանները այցելեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Շրջանային վարչութեան Ընկերային ծառայութեան կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցան Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանի եւ վարչութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ գործադիր վարիչ Ժասիկ Ջառահեանի եւ Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի վարիչ Շուշիկ Աւագեանի կողմէ։
Բարերարները ականատես դարձան վերջերս իրենց կատարած 25,000 տոլարի նուիրատուութեան շնորհիւ կեդրոնին մէջ կատարուած նորոգութիւններուն եւ արդիականացման, որոնք մեծապէս գնահատուեցան ՀՕՄի անձնակազմին եւ կեդրոնի յաճախորդներուն կողմէ։

Համայնքին մէջ եւ այլ երկիրներու մէջ իրենց բարերարութիւններով ծանօթ տէր եւ տիկին Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեանները երկար տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնին ՀՕՄի առաքելութեան՝ օգնութիւն հասցնելու կարիքաւորներուն, ներգաղթողներուն եւ ցած եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն։
Իր արդիականացած կեդրոնով, ՀՕՄը առիթը պիտի ունենալ ընդարձակելու իր սպասարկութիւնները։
