
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Աննա Էշու եւ Քրիս Սմիթ ներկայացուցին Արցախի մէջ իրականացուած ցեղային զտումը դատապարտող երկկուսակցական բանաձեւ մը՝ կոչ ընելով Պայտընի վարչակազմին, որ անյապաղ ձեռնարկէ միջոցներու՝ իր ցեղասպանական արարքներուն համար Պաքուն պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ։
«Անցեալ տարի Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ատրպէյճանական յարձակումը առաջնորդեց դարեր շարունակ այդ տարածքին մէջ ապրած հայութեան ոչնչացման: Ատրպէյճանի գործողութիւնները կը համապատասխանեն ցեղային զտումներու բոլոր սահմանումներուն եւ անոնք իբրեւ այդպիսին պէտք է դատապարտուին», կ՛ըսէ Էշու։
«Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ իրականացուած սարսափելի վայրագութիւնները եւ ցեղային զտումը չեն ջնջեր հայերու իրաւունքը՝ խաղաղ ու ազատ ապրելու իրենց պատմական հայրենիքին մէջ, հետեւելու իրենց կրօնքին եւ սովորութիւններուն, ինչպէս նաեւ խօսելու իրենց սեփական լեզուով։ Մեր երկկուսակցական օրէնսդրութիւնը կոչ կ՛ընէ Պայտընի վարչակազմին՝ գործնականօրէն աջակցելու հայերուն եւ դէմ դնելու անողոք բռնապետ Իլհամ Ալիեւի առաջնորդութեամբ՝ Պաքուի շարունակական յանցագործութիւններուն», աւելցուց Սմիթ։
Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Ուաշինկթընին՝ նպաստելու Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն եւ ապահովելու ապօրինաբար բանտարկուած բոլոր հայ ռազմագերիներուն, քաղաքացի գերիներուն, ներառեալ՝ Արցախի քաղաքական առաջնորդներուն ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու հայերու իրաւունքը՝ ապահովութեան համապատասխան երաշխիքներով վերադառնալու իրենց տուները։
«Յատկանշական պատիժներ չկրելուն պատճառով, Պաքու կը շարունակէ սպառնալ նոր բռնութիւններով՝ Հայաստանէն միակողմանի զիջումներ խլելու համար: Արդար եւ տեւական խաղաղութիւնը պէտք է սկսի պատասխանատուութեան ստանձնումով: Մենք կ՛ողջունենք ներկայացուցիչներ Էշուն եւ Սմիթը՝ իրենց համարձակ առաջնորդութեան համար», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Այս բանաձեւին աջակցելու նպատակով, Հայ Դատին արշաւին միանալու համար այցելել anca.org/Artsakh կայքէջը, իսկ ներկայացուած բանաձեւը կարդալու համար՝ anca.org/assets/pdf/062724_EshooSmith_Artsakh_text.pdf կայքէջը։