«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթթըր յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի զինադադարի խախտման հետաքննութեան գործիքակազմ մը հաստատելու՝ Երեւանի առաջարկին: «Անիկա կարեւոր է, որպէսզի խուսափինք ենթադրեալ մեղադրանքներէն: Բայց հակամարտութեան երկու կողմերը պէտք է որոշեն, որ արդեօք Եւրոպական Միութիւնը կրնա՞յ դեր ունենալ այստեղ: Ասիկա քաղաքական որոշում է, որ պէտք է տրուի Երեւանի եւ Պաքուի մէջ: Անշուշտ, շատ լաւ պիտի ըլլայ, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւն ներգրաւեն անոր մէջ»։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչո՞ւ առաքելութիւնը հասցէական յայտարարութիւններ չի կատարեր, երբ զինադադարի դրութիւնը կը խախտի՝ Ռիթթըր ըսաւ. «Սադրանքներ կան երկու կողմէն ալ, մէկ կողմէ քիչ մը շատ, միւս կողմէ` քիչ: Բայց մենք կը խուսափինք մատնանշելէ, ինչ որ կը նշանակէ, եթէ մենք ապացոյցներ չունինք, մենք չենք մեղադրեր կողմերէն մէկը: Մեր աշխատանքը չէզոք է: Մենք կը հանդարտեցնենք լարուածութիւնը կամ ենթադրեալ լարուածութիւնը` առանց կողմերը վիրաւորելու, ինչ որ շատ կարեւոր է: Դուռը բաց կը ձգենք երկու կողմերուն համար` ցոյց տալով մեր անկողմնակալութիւնը: Կ՛ուզեմ վստահեցնել, թէ այնքան ատեն որ առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ է, մենք ամէն ինչ պիտի ընենք այս տարածաշրջանը խաղաղութիւն բերելու համար»: