Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարները Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին ընթացքին քուէարկութեամբ ընտրեցին դաշինքի հիմնական կառոյցներու նոր ղեկավարները։ Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»ն։
Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնին վրայ պիտի մնայ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն, Եւրոպական խորհուրդը Շարլ Միշէլի փոխարէն պիտի գլխաւորէ Փորթուկալի նախկին վարչապետ Անթոնիօ Քոսթա, իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը Ժոզեփ Պորելի փոխարէն պիտի գլխաւորէ Էսթոնիոյ վարչապետ Քայա Քալլաս։
Այժմ այս եռեակը պէտք է յաղթահարէ յաւելեալ խոչընդոտ մը՝ նորընտիր Եւրոպական խորհրդարանը պէտք է հաստատէ իրենց թեկնածութիւնները եւ նոր յանձակատարները։ Կ՛ենթադրուի, որ Եւրոպական Միութեան մեծագոյն քաղաքական դաշինքի՝ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան, որ նոր 720 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ ունի 190 աթոռներ, երեսփոխաններու մեծ մասը պիտի աջակցի ֆոն տեր Լէյէնին, սակայն անոր պէտք պիտի ըլլայ այլ կուսակցութիւններու աջակցութիւնը եւ քուէներու կէսէն աւելին։
Նորընտիր Եւրոպական խորհրդարանի առաջին նիստը պիտի գումարուի 16-19 Յուլիսին, Սթրազպուրկի մէջ։