26 Յունիսին, Հիւսիսատլանտեան դաշինքի խորհուրդը որոշեց Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութթէն նշանակել ՆԱԹՕի յաջորդ ընդհանուր քարտուղարը: Ան պիտի փոխարինէ Եանս Սթոլթերնպերկը, որ 14 տարիէ ի վեր կը ղեկավարէ դաշինքը։
ՆԱԹՕի նորանշանակ ընդհանուր քարտուղարը իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ այս տարուան 1 Հոկտեմբերին: Ան վարչապետի պաշտօնէն պիտի հեռանայ Յուլիսին։
Ռութթէ 57 տարեկան է եւ Հոկտեմբեր 2010էն ի վեր չորս շրջաններ գլխաւորած Է Հոլանտայի կառավարութիւնը: