Երեքշաբթի, 25 Յունիսի կէսօրին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեանի, ընկերակցութեամբ խորհրդական Նազելի Համբարձումեանի:
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ փոխադարձ ծանօթացում՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի նոր առաջնորդին եւ Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչին միջեւ:
Մտերմիկ զրոյցով յատկանշուած այս հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազան հայրը ընդունեց հայրենի դիւանագէտին ջերմ շնորհաւորանքները՝ իր առաջնորդ ընտրութեան առիթով եւ իր կարգին յաջողութիւն մաղթեց հայրենի պետութեան ներկայացուցիչներուն՝ քաղաքական եւ դիւանագիտական իրենց պարտաւորութիւններուն մէջ:
Բոլոր տեսակի յարաբերութիւններու պարագային զիրար կարենալ լսելու հիմնական սկզբունքը վեր առնելով՝ կողմերը նաեւ անդրադարձան Հայաստանը եւ Սփիւռքը յուզող հարցերու եւ ընդգծեցին սերտ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը աշխարհասփիւռ ազգի զաւակներուն եւ հայրենիքի կեանքին մէջ: