Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի Անդրանիկ Պատարագը՝ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Անցնող շաբաթավերջին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Օրենճ Քաունթիի հայ համայնքին տուաւ հովուական իր անդրանիկ այցելութիւնը եւ այս ծիրին մէջ, Կիրակի, 23 Յունիսի առաւօտեան, Ս. պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ էին շրջանի հաւատացեալներ, աշակերտներ, ծնողներ, բարեկամներ, բարերարներ եւ հիւրեր:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան, Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը:
Առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը հիմնական առանցք ունէր եկեղեցական տօնացոյցով նշուած երեք տօներ՝ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ», «Ս. Տրդատ թագաւոր եւ Ս. Աշխէն թագուհի» եւ «Ս. Աստուածածնայ տփոյ գտման», որոնց մասին ան պարզաբանումներ կատարեց՝ ըսելով, որ Ս. Սահակ հայրապետը եւ Ս. Մեսրոպ գիւտարար վարդապետը հայոց գիրերու ճամբով իրենցմէ գրեթէ դար մը առաջ քրիստոնէութիւնը իբրեւ կրօնք ընդունած Հայաստան աշխարհի տարածքին ամրացուցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հաստատուած սրբազնագոյն աթոռը, իսկ քրիստոնէութիւնը Տրդատ թագաւորին հրամանով է, որ հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ, մինչ Աստուածածնայ այնքան սիրելի կերպարը դարձեալ կը դառնայ հայոց հաւատքի ու կեանքի մաս՝ սրբուհիին անձնական իրերու տուփի գտման նուիրուած տօնով: «Այս երեք տօները կը յիշատակենք Հայ եկեղեցւոյ ճամբով, որովհետեւ կ՛ուզենք զանոնք վառ պահել մեր ազգի կեանքին մէջ, թէեւ բազում դարեր մեզ կը բաժնեն իւրաքանչիւրէն», աւելցուց ան:
Յետ արարողութեան, եկեղեցւոյ «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր ի պատիւ ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին Գեղամ արքեպիսկոպոսը հատեց իր աբեղայական ձեռնադրութեան (21 Յունիս 1981) 43րդ տարեդարձին նուիրուած անակնկալ կարկանդակը եւ այս առիթով իր օրհնութիւնները բաշխեց բոլոր ներկաներուն:
«ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՆԱՔԱՐ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՊԱԳԱՅ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ»
Ուրբաթ, 21 Յունիսին, առաջնորդը Աղուհացի օրհնութեամբ եւ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի, Հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան եւ Ս. գրային ամառնային ճամբարին (17-21 Յունիս) մասնակցող աշակերտներուն կողմէ։ Տ. Գարեգին քահանայի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Ս. գրային ճամբարի վարիչ՝ երէցկին Սեւան Պետուրեան ներկայացուց տարուած աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն եւ կամաւոր աշխատողներուն, ապա հրաւիրեց աշակերտները ներկայացնելու իրենց յայտագիրը։
Ինն տարիէ ի վեր շարունակուող ամառնային Ս. գրային ճամբարը այս ամառ ունեցաւ 65 աշակերտներ, որոնք դասարան առ դասարան սրբազան հօր եւ ներկաներուն հրամցուցին իրենց սորված աղօթքներէն, սաղմոսներէն ու շարականներէն փունջեր։ Յայտագիրի աւարտին, իւրաքանչիւր աշակերտ առաջնորդին ձեռքով ստացաւ մասնակցութեան վկայագիր մը, իսկ ուսուցիչները եւ կամաւորները ստացան գնահատական վկայագիր։
Առաջնորդը գնահատեց Ս. գրային ճամբարի աշխատանքները եւ իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այս ծրագիրին՝ զայն նկատելով հիմնաքարը Հայ եկեղեցւոյ իրարայաջորդ սերունդներու պատրաստութեան եւ համայնքային կեանքի ազգային դիմագիծի պահպանման։ Ան միաժամանակ իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ ըսելով, որ Օրենճ Քաունթի իր հովուական անդրանիկ այցելութիւնը ընթացք կ՛առնէ աշակերտական Ս. գրային ամառնային ճամբարի հանդէսով եւ այս առիթով գնահատանքի խօսք ուղղեց ճամբարի ուսուցչուհիներուն եւ աշխատողներուն, ծնողներուն, մեծ ծնողներուն եւ պատասխանատուներուն:
Այնուհետեւ, աշակերտները ջրախաղով եւ տարիքային այլազան խաղերով իրենց օրը անցուցին: Սրբազան հօր փակման աղօթքէն ետք, աշակերտները մեկնեցան իրենց հետ տանելով նոր գիտելիքներ, հոգեւոր կեանքի փորձառութիւններ, գեղեցիկ եւ անմոռանալի յիշատակներ։ Այսպէս նաեւ՝ իւրաքանչիւր մանուկի եւ պատանիի սիրտին, հոգիին եւ միտքին մէջ քիչ մը աւելի՛ դրոշմուեցան քրիստոնէական հաւատքի ու հայ եկեղեցւոյ կենարար արժէքները:
Յայտնենք, որ Շաբաթ, 22 Յունիսին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը նախագահեց Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան հետ աշխատանքային հանդիպման, որուն ընթացքին ան իրազեկ դարձաւ համայնքային կեանքի բարելաւման ծրագիր-աշխատանքներու եւ կատարեց անհրաժեշտ թելադրանքներ: