Ըստ երեւոյթին, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը այս տարի Քոնկրէսի օրակարգին պիտի չըլլայ։ Թրքական սպառնալիքը, Պուշի վարչակարգի արտակարգ ճնշումը Քոնկրէսի անդամներուն վրայ եւ Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆի ներկայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները պատճառ դարձան, որ բանաձեւին զօրավիգ կանգնող կարեւոր թիւով քոնկրէսականներ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց կեցուածքը։ Կարելի չէ, անշուշտ, ժխտել հայութեան հիասթափութիւնը, խոր անարդարութեան զգացումը, որ պիտի հետեւի բանաձեւը օրակարգի դնելու որոշման յետաձգումին։ Թրքական մամուլը մինչ այդ արդէն կը տօնէ այս յաջողութիւնը, որ շատ հաւանաբար թուրք պետական անձնաւորութիւններուն վստահութիւն ներշնչէ՝ ազգայնականութեան հրահրումի խաղաքարտով աշխարհի միակ գերպետութիւնը շանթաժի ենթարկելու քաղաքական մարտավարութեան նկատմամբ։
Բանաձեւի այս ճակատագիրը, սակայն, պէտք չէ անխուսափելի հիասթափութիւնը բացարձականացնէ։ Ընդհակառակը, անցնող ամիսներու զօրաշարժն ու բանաձեւին ստեղծած միջազզային աղմուկը առանձին բարացուցական պէտք է նկատուին Սփիւռքի զօրաշարժի կարողութեան ու կարողականութեան։ Աւելի՛ն, բանաձեւի գործընթացի նախորդած հանրածանօթ միջադէպը հրէական Էյ. Տի. Էլ. կազմակերպութեան հետ, ուր բացայայտ դարձաւ ցարդ ճնշող մեծամասնութեամբ թրքական տեսակէտը պաշտպանող հրեայ ժողովուրդին (Իսրայէլի մէջ թէ անկէ դուրս) կեցուածքի կտրուկ փոփոխութեան փաստով ի խնդիր հայ ժողովուրդի ապրած ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը կասկածի տակ չառնելու յանձնառութեան։ Հակառակ բանաձեւի այս աւարտին, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ենթահողը այնքան մը տոկունացած է, որ պէտք է հաստատել, որ այլեւս միայն ժամանակի հարց է, որ նմանօրինակ բանաձեւ մը որդեգրուի Քոնկրէսին կողմէ։
Բանաձեւի գործընթացը սպասելիօրէն անտարբեր չձգեց Հայաստանի իշխանութիւնները։ Նախագահ Քոչարեանէն մինչեւ վարչապետ Սերժ Սարգսեան եւ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան ողջունեցին բանաձեւին ընդունումը Քոնկրէսի յանձնաժողովին կողմէ։ Նախարար Օսկանեան մինչեւ իսկ համոզում յայտնեց, որ ան կ՚որդեգրուի նաեւ Քոնկրէսի կողմէ յետ քուէարկութեան։ Հայաստանի գործադիր իշխանութեան այս երեք գլխաւոր անձնաւորութիւններու հակազդեցութիւնը անհրաժեշտ է արձանագրել, որովհետեւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ միջազգային ոչ բոլոր որոշումներն են, որ կ՚արժանանան իրենց ուշադրութեան։ Արժանթինի մէջ, օրինակի համար, տարեսկիզբին նախագահ Նեսթոր Քիրշնէր, անտեսելով թրքական պետութեան բոլոր ճնշումները, ներառեալ մինչեւ իսկ դեսպանը տուն կանչելու սպառնալիքը, վաւերացուց թիւ 5261 օրէնքը, որով Արժանթին Ֆրանսայէն ետք դարձաւ աշխարհի երկրորդ երկիրը, որ Ցեղասպանութիւնը օրէնքի ուժով կը ճանչնար։ Գործադիր թէ օրէնսդիր իշխանութիւններու մակարդակով Հայաստանի քաղաքական օրակարգին վրայ այդ իրողութեան նուազագոյն նկատառման փաստը մինչեւ այսօր չկայ։ Հասկնալիօրէն ԱՄՆի գերպետութեան դիրքը չի կրնար անտարբեր ձգել Հայաստանի իշխանական անձնաւորութեանց, եւ բանաձեւին որդեգրումը, թէկուզ եւ որպէս յայտարարութիւն եւ ոչ օրէնք, իր անդրադարձը պիտի ունենար որոշումներու կայացման հոլովոյթին վրայ։ Սակայն, ինքզինք պարտադրող հարցումը այն է, որ անկախ թէ ո՛ր երկիրն է, որ Ցեղասպանութեան հանդէպ դիրք կը ճշդէ, արդեօք որքանո՞վ Ցեղասպանութեան հարցը ինքնին Հայաստանի պետական քաղաքականութեան օրակարգին վրայ է՝ 1998ի իշխանափոխութեան ժամանակ նախորդ իշխանութիւններու կողմէ որդեգրուած կեցուածքը սրբագրող կեցուածքէն անդին եւ շատ աւելի խորքային իմաստով։ Հետեւաբար, եւ զսպելով հանդերձ ցինիզմի ամէն նախատրամադրուածութիւն, սխալ չէ մտածել, որ շատ հաւանաբար հայրենի հասարակութեան կարգ մը հատուածներ, ինչպէս՝ Թուրքիոյ հետ պիզնէս ընողներու դրամատէր դասի մարդիկ, որոնք, առաւել, իրենց ամառնային արձակուրդը կը նախընտրեն անցընել թրքական միջերկրականեան ծովափներուն, իրենց կարգին լուռ գոհունակութիւն զգացին բանաձեւի այս ճակատագրին համար:
Եւ, իրօք, բանաձեւին որդեգրումը Քոնկրէսին կողմէ Հայաստանի իշխանութիւններուն պիտի պարտադրէր Ցեղասպանութեան հանդէպ ներկայի առաւել կրաւորական եւ սպասողական կեցուածքի փոփոխութիւն, ուր Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելու պատրաստակամութիւնը, որուն լրջութեան, կարծես դեռ կը հաւատան Հայաստանի քաղաքական այրերը։ Այլ խօսքով, Հայաստանի իշխանութիւններուն համար Ցեղասպանութեան ճանաչման յաջորդող փուլի ռազմավարական ծրագրաւորման անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի արդէն իսկ։
Այդ մասին է հայրենի մտաւորական եւ «Արարատ» ռազմավարագիտական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Այվազեանի յօդուածը՝ «Հայաստան պէտք է քաղաքականութիւն մշակի՝ Ցեղասպանութեան ճանաչմանը յաջորդող փուլին համար», որ հրատարակուեցաւ «Հորիզոն»ի ընթացիկ տարուայ 22 Հոկտեմբերի համարին մէջ։ Հայաստանի մէջ ազգային մտածողութեան ջահակիրներու փաղանգին պատկանող Արմէն Այվազեանէն կը սպասուէր նման զգաստութեան հրաւէր պետութեան։ Առաւել եւս, որ Այվազեան ոչ միայն յստակ ռազմավարական ուղղուածութիւն կու տայ իր կեցուածքին ու տրամաբանութեան, այլ նաեւ չի վարանիր թապուներ կոտրել, որոնց շարքին՝ բառերն առանց ծամծմելու թրքական սպառնալիքի մատնանշում եւ Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի հեռանկարով «նախ եւ առաջ տարածքային փոխհատուցում»։ Այվազեան նաեւ ամենայն ճշգրտութեամբ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու հատուցումը կը դիտէ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն՝ որպէս օրուան «ամենահրատապ խնդիր»։
Սակայն նման ռազմավարական ծրագրում Հայաստանի մէջ այսօր չկայ, եւ այդ երեւան կ՚ելլէ մտաւորականի յստակ եւ ոչ ոքի տուրք տուող հաստատութիւններուն ընդմէջէն։ Ի մասնաւորի, Այվազեան հարց կու տայ, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն յետոյ ի՞նչ կ՚ըլլայ, եւ կը գտնէ, որ այս «ամենակարեւոր» հարցին «պատասխանը հայութեան քաղաքական կառոյցները պարզապէս չունեն։ Եւ որտեղի՞ց ունենան, եթէ նոյնիսկ եղած եւ այժմ քննարկուող ճանաչումները բացարձակապէս վերլուծութեան չեն ենթարկւում»։ Հոս պարզ եւ մեկին կը տեսնուի, որ Հայաստանի պետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան հարցը քաղաքական օրակարգին վրայ չէ, այլապէս այսքան անփոյթ կերպով չէր վերաբերուեր անոր հանդէպ։
Դժբախտաբար, սակայն, Այվազեանի յօդուածին մէջ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդրով Սփիւռքի դերակատարութեան մեղմ ասած նսեմացում, եթէ ոչ աղաւաղում կայ։ Ոչ թէ որովհետեւ ան կը ժխտէ Սփիւռքի դերակատարութիւնը, այլ որովհետեւ կը սխալի այդ դերակատարութեան իր տուած գնահատականին մէջ։ Առաջին հերթին ան կարծես մինչեւ իսկ կը ցաւի, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը մնացած է «սփիւռքահայութեան քաղաքական գործունէութեան հիմնական թիրախը՝ կլանելով ազգային եւ մարդկային ահռելի աղբիւրներ եւ ներուժ՝ ի հաշիւ ազգային միւս կարեւոր ճակատներում ներդրման»։ Երկրորդ, այդ ճանաչման աշխատանքները, կ՚ըսէ ան, կը տարուին «առանց լուրջ ուսումնասիրութեան եւ ապագայ քայլերի ծրագրման»։ Երրորդ՝ Սփիւռքը որպէս թէ միտում կը ցուցաբերէ «ստորադասել Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրները Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրից»։ Եւ վերջապէս, ամփոփելով կը գտնէ, որ հայ քաղաքական դասն ու հասարակութիւնը առհասարակ (ընդ որում կը հասկցուի նաեւ Սփիւռքը) Ցեղասպանութեան «ճանաչումների նկատմամբ որդեգրել են անպատասխանատու, գրեթէ մանկական մի մօտեցում, որը յիշեցնում է երիցուկի տերեւների «սիրում է, չի սիրում» յայտնի խաղը, այս դէպքում՝ «ճանաչում է, չի ճանաչում» կրկներգով»։
Անհրաժեշտ չէ այս բանաձեւումներէն իւրաքանչիւրին ժխտումը փաստերով կատարել, որովհետեւ Սփիւռքը պէտք չունի պաշտպանողական դիրք որդեգրելու իր գործունէութիւնը արդարացնելու համար։ Այվազեանի իսկ մատնանշած Հայաստանի պետական քաղաքականութեան օրակարգին մէջէն Ցեղասպանութեան հանդէպ լուրջ վերաբերմունքի բացակայութիւնը ինքնին փաստ չէ՞, որ եթէ Սփիւռքը տէր չկանգնէր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, անկախ Հայաստանի առաջին կառավարութիւնը այսօր արդէն մոռացութեան տուած կ՚ըլլար հարցը։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է արձանագրել, որ պարզապէս անարդար է ծաղրական ոճ որդեգրել Սփիւռքի հանդէպ, որովհետեւ ինչ որ Այվազեան խորքին մէջ կ՚ընէ իր յօդուածով, եւ ինչ խօսք որ ողջունելի քայլ է առածը, Հայաստանի իշխանութիւնները եւ հասարակութիւնը հրաւիրելն է, որ աւելի աշխուժանան Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրով, եւ, ամէն պարագայի, միանան Սփիւռքին որ, փաստօրէն, առանձին առաջ կը տանի Հայ Դատը։
Նման նախանձախնդրութիւն Հայաստանի պետութեան եւ հասարակութեան կողմէ միայն ողջունելի է Սփիւռքին համար, եւ անկասկած քաղաքական մեծ ներդրում պիտի ըլլայ։ Առաւել ողջունելի պիտի ըլլայ, եթէ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրը զուգորդուի ազգային անվտանգութեան հիմնահարցերուն հետ, ներառեալ՝ Արցախն ու Չաւախքը, որովհետեւ ի տարբերութիւն Այվազեանի պատկերաւոր նկարագրութեան, Սփիւռքը Ցեղասպանութեան հարցով «ճանաչում է, չի ճանաչում» չէ որ կը խաղայ, այլ՝ պատմական արդարութեան եւ իր գոյութենական շարունակականութեան պայքարն է, որ կը մղէ։ Այդ մէկն է, որ պէտք է լաւապէս ընկալուի Այվազեանի նման ազգային մտածողութեան տէր մտաւորականներուն կողմէ, որոնք պարտին յաւելեալ փոքր ճիգ մը ընել Սփիւռքը ճանչնալու ուղղութեամբ։ Որովհետեւ ոչինչ աւելի մեծ գոհունակութիւն կրնայ պատճառել մինչեւ իսկ Սփիւռքի ամենահեռաւոր համայնքներուն համար, քան իրենց ընդգրկումը ազգային անվտանգութեան լայն տեսլականին մէջ, ուր իրենք ազգի զարգացման հոլովոյթին մասնակից դառնալով պիտի ունենան թէ՛ իրաւունք եւ թէ պարտաւորութիւն։
Այլ խօսքով, առանց երբեք նսեմացնելու Հայաստանի պաշտպանութեան, Արցախի ազատագրման եւ Չաւախքի հայկականութեան երաշխաւորման գերխնդիրները, հայութեան գոյութենական իրավիճակէն իսկ մեկնած անհրաժեշտ է հայրենիքն ու Սփիւռքը ընգրկող ազգային անվտանգութեան սահմանում եւ տեսլական ունենալ։ Այս կը նշանակէ, որ այնպէս ինչպէս Սփիւռքը իր իմաստը կը կորսնցնէ, եթէ գոյութիւն չունենայ Հայաստանը, կամ Արցախն ու Չաւախքը պարպուին հայութենէ, նոյնպէս ալ Իրաքի մէջ աւստրիալացի վարձկաններու կողմէ սպանուած երկու անմեղ հայ կիներու հարցը պէ՛տք է դրուի Հայաստանի պետական օրակարգին։ Եւ պէտք չէ սխալիլ. աշխարհի ամենահեռաւոր անկիւնի հայ համայնքի վերապրումով մտահոգուելու նախանձախնդրութիւնը պետական սուղ միջոցներու մսխում չէ, այլ՝ ազգային կառուցումի մէջ ներդրում, որուն արդիւնքով ալ Սփիւռքը պիտի հասկնայ հայրենիքի պաշտպանութեան թէ ազատագրուած տարածաշրջաններու վերաբնակեցման իր մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
Այս իմաստով ալ այս տողերը քննադատութիւն չեն Այվազեանի յօդուածին, այլ անոր մտքերուն ամբողջացում՝ յընկալում Հայաստանի պետութեան Ցեղասպանութեան հարցով աւելի աշխուժանալու հրաւէրի միացեալ կոչի մը։