
(ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ)
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Յուլիս 4, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու անկախութեան տարեդարձն է: Ամերիկա թէեւ հին երկիր մըն է, սակայն Քրիստափոր Քոլոմպոս զայն գտաւ 1492ին: Այդ թուականէն մինչեւ 18րդ դարու վերջաւորութեան, բաւական մեծ թիւով եւրոպացիներ, ինչպէս սպանացիներ, հոլանտացիներ, իտալացիներ, ֆրանսացիներ եւ անգլիացիներ, հաստատուած էին Ամերիկայի տարբեր վայրերու մէջ: Գաղթողներու ամենէն տիրականները եղան անգլիացիները, որոնք մինչեւ 1700ականներու աւարտին, արդէն հիմնած էին 13 բարգաւաճ գաղութներ Ամերիկայի արեւելեան շրջանին մէջ: Այս գաղութները կը կառավարուէին անգլիական խորհրդարանի որոշումներով: Գաղութները հում նիւթեր կ՛արտածէին Անգլիա, եւ փոխադարձաբար անհրաժեշտ իրեր կը ներածէին անկէ:
Անգլիա տարուէ տարի իր նորանոր օրէնքներով եւ յաւելեալ պետական հարկերով սկսած էր մեծ ընդվզում պատճառել գաղթողներուն: Ժամանակ մը եղաւ երբ գաղթողները արդար ցասումով ըմբոստացան: Իրենց նշանաբան ընտրեցին ամերիկացի յեղափոխական Փաթրիք Հենրիի լոզունգը՝ «Տուր ինծ ազատութիւն կամ մահ»: Հետզհետէ կացութիւնը աւելի վատթարացաւ: 1765ին յեղափոխական Սամուէլ Էտըմզ կազմակերպեց բողոքողներու գաղտնի խումբ մը «Ազատութեան Որդիներ» անունով, որուն անդամները սկսան ահաբեկել անգլիացի հարկահաւաքները: 1773ին, անոնք, որպէս բողոք, Պոսթընի նաւահանգիստին մէջ 300 թէյի խոշոր սնտուկներ ովկիանոսը թափեցին: Այս դէպքը քաղաքական յանդուգն ելոյթ մըն էր, որ կոչուեցաւ «Տը Պոսթըն Թի Փարթի» (The Boston Tea party): Ասոր որպէս հետեւանք, Անգլիա դիմեց խիստ պատժամիջոցներու: Գաղութներու կարգապահութիւնը պահելու համար զինուորական ուժ ղրկեց Ամերիկա:
Տարի մը յետոյ, 1774ին, 12 գաղութներու ներկայացուցիչները ժողով մը գումարեցին Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ, որ կոչուեցաւ «Առաջին Համագաղութային Համագումար» (First Continental Congress): Համագումարը որոշեց նամակ մը ղրկել Անգլիոյ թագաւոր Ճորճ Գ.ին՝ ճնշող հարկերու նկատմամբ: Թագաւորը, փոխանակ հասկացողութիւն ցոյց տալու, անզիջող դիրք բռնեց եւ հրահանգեց որ հպատակին իր հրահանգներուն:
Ի տես այս ժխտական դիրքին, գաղութներու ներկայացուցիչները, իրազեկ ըլլալով, որ Անգլիա ի վերջոյ, բիրտ ուժով պիտի պարտադրէ իր կամքը, որոշեցին ժողովրդային բանակներ կազմակերպել: Այսպէս, դիմադրական խումբեր կազմուեցան զանազան գաղութներու մէջ «Մինիթմէն» (minutemen) յորջորջումով, որոնք պատրաստ էին «րոպէական թշնամիին դէմ պատերազմելու»:
Ընդդիմութիւնը զսպելու համար Անգլիա աւելի մեծ բանակ մը ղրկեց: Այսպէսով ծայր տուաւ Ամերիկայի անկախութեան պատերազմը: Առաջին ռազմական բախումները տեղի ունեցան Պոսթընի Լեկզինկթըն եւ Քոնքորտ արուարձաններուն մէջ:
1775ի Մայիս ամսուն տեղի ունեցաւ «Երկրորդ Համագաղութային Համագումարը» (Second Continental Congress), դարձեալ Ֆիլատելֆիա քաղաքին մէջ, որու ընթացքին արծարծուեցաւ 13 գաղութներու անկախութեան հարցը: Համագումարը նաեւ որոշեց նշանակել Ճորճ Ուաշինկթընը իբրեւ ամերիկեան բանակի ընդհանուր հրամանատար: Այդ թուականէն շուրջ տարի մը ետք, Յուլիս 4, 1776ին, համագաղութային համագումարի 56 ներկայացուցիչները հռչակեցին «Անկախութեան Յայտարարութիւնը» (Declaration of Independence): Այսպէս ծնունդ առաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը:
Անկախութեան յայտարութենէն ետք, շուրջ վեց տարի եւս, շարունակուեցաւ պատերազմը Անգլիոյ եւ նորածին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն միջեւ: Ի վերջոյ, պատերազմը վերջ գտաւ 1781ին երբ Ճորճ Ուաշինկթըն Եորքթաուն քաղաքին մէջ յաղթանակ տարաւ անգլիական բանակին դէմ: Այդ թուականէն մօտ երկու տարի ետք, 1783ին, Փարիզի մէջ խաղաղութեան դաշինք կնքուեցաւ եւ Անգլիա վերջապէս ճանչցաւ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու անկախութիւնը:
Յուլիս 4, 1776էն մինչեւ մեր օրերը մօտ երկուք ու կէս դար անցած է եւ Ամերիկա դեռ կը շարունակէ իր անկախութիւնը պահել, որուն համար ամէն ամերիկեան քաղաքացի երախտապարտ ըլլալու է: Ներկայիս ամէն ամերիկացի պէտք է հպարտ եւ երախտապարտ զգայ իր վայելած բոլոր շնորհներուն եւ մանաւանդ իր վայելած ազատութեան համար:
Ազատութիւնը համամարդկային, ընդոծին բնազդ մըն է, որ մարդոց ծնունդէն ի վեր ի յայտ կու գայ անոնց կեանքին մէջ: Մարդիկ չեն սիրեր կաշկանդուիլ, արգելափակուիլ, կապանքուիլ: Ընդհակառակը կը սիրեն ազատ ապրիլ, ազատ մտածել եւ ազատօրէն շարժիլ, արտայայտուիլ, աշխատիլ եւ ստեղծագործել: Ազատութիւնը բոլոր մարդոց անբռնաբարելի իրաւունքն է:
Ազգեր ալ, մարդոց նման, կը սիրեն ազատ ըլլալ, անկաշկանդ ապրիլ, ազատ կերպով արտայայտուիլ եւ գործել, ազատօրէն ծրագրել իրենց ներկան եւ ապագան: Գերեվարուած եւ կիսանկախ ազգեր կը պայքարին լիովին ազատագրուելու, անկախանալու եւ գերիշխան անկախ պետութիւն դառնալու համար:
Բայց, ի՞նչ կը նշանակէ ազատ ըլլալ: Ազատ ըլլալ չի նշանակէր ընել այն ինչ որ մէկը կ՛երեւակայէ, կը ցանկայ ընել: Սանձարձակ գործելակերպը ազատութիւն չէ երբեք: Ազատութիւնը իր սահմանները ունի: Բնութեան մէջ օրէնքներ կան, որոնք եթէ չյարգուին, վնասակար եւ երբեմն աղէտաբեր կը դառնան: Օրինակ, թռչունը ազատ է թռչելու իր միջավայրին, օդին մէջ: Այն պահուն, որ փորձէ ջուրին մէջ եւ ջուրին յատակը թռչիլ իր ազատութիւնն ու կեանքը կը կորսնցնէ: Նմանապէս, ձուկը եթէ իր միջավայրէն, ջուրէն դուրս ելլելով կեանք վարել ուզէ, վերջ կը դնէ իր ազատութեան եւ կեանքին:
Մարդոց համար ալ նոյնն է պարագան: Մարդոց ազատութիւնը սահմանափակուած է բնութեան եւ բարոյական օրէնքներով եւ սկզբունքներով:
Տիեզերքն ու բնութիւնը օրէնքներու կարգապահութեամբ կը կառավարուին: Երբ այդ օրէնքները բեկանուին արդիւնքը քաոսային եւ աղէտաբեր կը դառնայ:
Նոյնպէս պետութեան մը մէջ սահմանադրութիւն եւ կանոնագիր կայ, որու սահմանած օրէնքները, եթէ չյարգուին՝ այդ պետութիւնը եւ անոր քաղաքացիները կը կորսնցնեն իրենց ազատութիւնը եւ այնտեղ կը տիրէ անիշխանութիւն, ապօրինութիւն եւ կեանքի անապահովութիւն:
Ազատութիւնը անհատներու եւ ազգերու համար առանձնաշնորհում մըն է, որուն անբաժան կ՛ընկերակցի պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը: Վերցուր պատասխանատուութիւնը մարդոց եւ ազգերու կեանքէն, անոնք կը կորսնցնեն իրենց ազատութիւնը եւ կործանումի ճամբան կը բռնեն:
Վերջապէս, ազգեր իրենց ազատութեան տիրանալու համար պատրաստ կ՛ըլլան ֆիզիքական, բարոյական եւ հոգեւոր զոհողութիւններ ընելու, նոյնիսկ իրենց քաջարի որդիներուն կեանքը զոհելով: Այդպէս ըրին նաեւ Ամերիկայի ազատութեան համար պայքարող ռահվիրաները:
Անկախութեան օրը ոչ միայն տօնակատարութեան, կերուխումի եւ հաճոյքի օր մը ըլլալու է, այլ նաեւ վերանուիրումի եւ ուխտի օր մը՝ Ամերիկայի ազատութիւնը ու անկախութիւնը անսասան պահելու համար: