
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի երկկուսակցական պատուիրակութիւն մը՝ ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի գլխաւորութեամբ, Հայաստան կ՛այցելէ։ Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն։
Ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըր հանրապետական աւագ անդամ է Միացեալ Նահանգներու Հելսինքեան յանձնաժողովին մէջ, նաեւ Զինուած ուժերու յանձնաժողովի հանրապետական աւագ անդամ է: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հելսինքեան յանձնաժողովի նախագահ, Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճօ Ուիլսըն, համանախագահ, ծերակուտական Պեն Քարտըն, որ նաեւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահն է, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Ճան Քորնին, Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ռապըրթ Ատըրհալթ, Ռիչըրտ Հատսըն, Թրենթ Քելի եւ Էնտի Հերիս:
Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, եւ անոնք անդրադարձան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի վերաբերեալ ընդացող քննարկումներուն:
Ըստ վարչապետի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութեան` Ուիքըր եւ Փաշինեան միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:
Փաշինեան ընդգծեց, որ վերջերս, Երեւանի մէջ գումարուող Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան նիստին կարեւորութիւնը եւ յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ երկկողմ գործակցութիւնը պիտի շարունակէ զարգանալ եւ ամրապնդուել: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները արդիւնաւէտ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու յառաջ մղման` աւելցնելով, որ Հայաստանի կառավարութեան համար ժողովրդավարութեան զարգացումը ունի ռազմավարական նշանակութիւն:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթի եւ այլ ուղղութիւններով կապերու ընդլայնումը եւ խորացումը:
Ուիքըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:
Ըստ Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան` պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ։