Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր պիտի այցելէ Հայաստան։ Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց Հայաստանի մէջ նոյն գործակալութեան առաքելութիւնը:
Ըստ այդ հաղորդագրութեան` Սամանթա Փաուըր 8էն 11 Յուլիս պիտի այցելէ Հայաստան` հաստատելու Հայաստանի հետ Միացեալ Նահանգներու խորացող գործընկերութիւնը, ընդգծելու գործակալութեան աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու օրակարգին եւ յառաջ մղելու Հայաստանի դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու ջանքերը:
Այցելութեան ընթացքին Սամանթա Փաուըր հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, գործարար ոլորտի առաջնորդներու, երիտասարդներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ: