Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը մեկնի Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու 9էն 10 Յուլիսին, ՆԱԹՕի գագաթաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունենալիք գործընկերներու ձեւաչափով միջոցառումին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնեցին, որ այցելութեան ընթացքին ծրագրուած են նաեւ երկկողմ հանդիպումներ` առանց այլ մանրամասնութիւններ տալու:
Ուաշինկթըն հրաւիրուած է նաեւ Ատրպէյճանը, սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ արդեօք արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով պիտի մեկնի՞ Միացեալ Նահանգներ, թէ`ոչ:
Այս անորոշութեան լոյսին տակ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ Ուաշինկթընի մէջ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումի մը պայմանաւորուածութիւն չկայ:
Յիշեցնենք, որ Պաքու տուած այցելութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛պրայըն յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան հրաւիրուած են ՆԱԹՕի 2024ի գործընկերներու հետ հանդիպման՝ ակնկալելով անոնց մասնակցութիւնը, սակայն առանց յստակացնելու, որ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպում նախատեսուա՞ծ է արդեօք:
Նախքան 9 Յուլիսին սկսող ՆԱԹՕի գագաթնաժողովը, Պաքու անգամ մը եւս յիշեցուց խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան իր նախապայմանը: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով դարձեալ պնդեց, որ Հայաստան պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը: Պաքու խնդրայարոյց կը նկատէ Հայաստանի մայր օրէնքին մէջ Անկախութեան հռչակագիրի յիշատակումը, ուր կը խօսի Հայաստանի եւ Արցախի միաւորման մասին:
«Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ տակաւին կան Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներ: Մենք կ՛ակնկալենք, որ հայկական կողմը քայլերու պիտի ձեռնարկէ այդ ուղղութեամբ: Ամբողջական խաղաղութեան հասնելու համար այդ գործօնը պէտք է վերացուի», նշեց Պայրամով:
Անդրադառնալով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններուն՝ Պայրամով դիտել տուաւ, որ անոնք կ՛ընթանան տարբեր ուղղութիւններով: Ան շեշտեց, որ Յունիսի վերջաւորութեան, Ատրպէյճան հայկական կողմին ուղարկեց խաղաղութեան պայմանագրին գծով իրենց առաջարկները՝ ընդգծելով, թէ բաց հարցերու թիւը զգալիօրէն նուազած է:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն` Պայրամով նոյն ատեն շեշտեց, որ Պաքու շատ նպատակներ ունի, իսկ առաջնահերթ հարցը երկրին ինքնիշխանութեան սպառնացող վտանգներուն վերացումն է։